image

Եդուարդ Թովմասեանի (Թոմո ախբարիկ) կորուստը՝ Պոլսոյ մէջ (Լուսանկար)

 Եդուարդ Թովմասեանի (Թոմո ախբարիկ) կորուստը՝ Պոլսոյ մէջ (Լուսանկար)

Պոլսոյ մէջ իր հոգին աւանդած է պոլսահայ շրջանակներուն մէջ յարգուած անուն հանդիսացող Եդուարդ Թովմասեանը։

 Ընկերն ու գաղափարակիցը նահատակ Հրանդ Տինքին Եդուարդ Թովմասեան կարեւոր մասնակցութիւն բերած է ու կը համարուի մեր օրերու Պոլսոյ հայկական գլխաւոր հրատարակչատան՝ «Արաս»ին։

 Կենսասէր, Պոլսոյ հայկական ոգիին նոր երանգներ բերող եւ առաքելութեան տէր Թովմասեան վերջին տարիներուն կը տառապէր ծանր հիւանդութիւնէ, որուն հետեւանքով ալ առ յաւէտ հեռացաւ մեզմէ։

 

 Զինք ճանչցողները կը վկայեն անոր պատրաստակամութիւնը հանդէպ բոլորին ու յատկապէս անոնց, որոնք կը հասնէին Պոլիս ճանչնալու, գործելու եւ մօտէն շփուելու համար տեղի հայութեան հետ։

Մշակութային գործունէութիւն ծաւալած Եդուարդ Թովմասեան իր արմատներուն կառչած ազնուական հայ մըն էր, որուն մասին դեռ պիտի գրենք ու վկայենք ապագային։

Ստորեւ Թոմո Ախբարիկի մասին Պոլսոյ «Ժամանակ»ին հրապարակած մահագրականը։

Թերթս հրատարակութեան յանձնելու պահուն խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է «Արաս» հրատարակչատան հիմնադիրներէն Եդուարդ Թովմասեան, որ տասնամեակներէ ի վեր այդ կառոյցի սիւներէն հանդիսացած էր։ Իր կորուստը խոր ցաւ յառաջացուցած է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս՝ մինչ բօթը տարածուած է կայծակնային արագութեամբ։ Եդուարդ Թովմասեան պոլսահայ համայնքի առացքային դէմքերէն մին էր՝ տասնամեակներ շարունակ գործունէութիւն ծաւալած էր՝ արժանացած ըլլալով համատարած համակրանքի, յարգանքի եւ սիրոյ։ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սաներէն էր եւ միշտ բարձր կը գնահատուէր իր կողմէ բերուած ներդրումը՝ համայնքի մտաւորական կեանքին։

Յաջորդիւ աւելի մանրամասնօրէն պիտի անդրադառնանք այս կորուստին։

Եդուարդ Թովմասեանի յիշատակին առջեւ կը բերենք մեր խոնարհումը եւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր այրիին՝ նուիրեալ ու բազմավաստակ կրթական մշակ Փայլինէ Թովմասեանին, զաւակներուն՝ Պետրոս-Սելին Թովմասեան ամոլին, Միհրան-Էսմէ Թովմասեան ամոլին, թոռներուն, քրոջ՝ Թագուհի Զամանին եւ բոլոր հարազատներուն։