Անգարայի մէջ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոքի հանդիպումը՝ յայտնած են Թուրքիոյ ԱԳՆ-էն:
Քննարկուած է իրավիճակը Սուրիոյ, Կազայի հատուածի եւ Ուքրանիոյ մէջ:
Հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցին Պերպոքը նշած է, որ քիւրտերու անվտանգութիւնը կարեւոր է Սուրիոյ ազատ եւ անվտանգ ապագայի համար։ «Հաճելի էր լսել, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նոյնպէս կ՚ընդունի այդ»,-ըսած է գերմանացի դիւանագէտը:
Միեւնոյն ժամանակ Պերպոքը նշած է, որ Թուրքիոյ անվտանգութեան համար Սուրիայէն որեւէ սպառնալիք պէտք չէ ըլլայ: Անոր խօսքով՝ Սուրիոյ մէջ քիւրտ աշխարհազօրայինները պէտք է զինաթափուին եւ միանան Սուրիոյ նոր կառավարութեան անվտանգութեան ուժերուն:
Ֆիտանն ալ յայտարարած է, որ Սուրիոյ քիւրտերու ինքնապաշտպանական ուժերը, որոնց Անգարան կը կապէ Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան հետ, չեն ներկայացներ քրտական հասարակութիւնը: Նախարարը յայտարարած է, որ զինեալները պէտք է զինաթափուին եւ ինքնալուծարուին։
Լրատուամիջոցները նշած են, որ բանակցութիւններու ընթացքին անդրադարձ եղած է նաեւ Հարաւային Կովկասին: Ֆիտանը յայտարարած է, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման պատմական հնարաւորութիւն ստեղծուած է։ Ան նշած է, որ երրորդ կողմերը պէտք է «արդար եւ անաչառ» աջակցութիւն ցուցաբերեն այդ գործընթացին: