Դեկտեմբեր 20-23-ն ինկած ժամանակահատուածին տեղի կ՚ունենայ ձմեռային արեւադարձը՝ Հիւսիսային կիսագնդին մէջ տարուան ամենակարճ օրը եւ ամենաերկար գիշերը. Գրած է Associated Press-ը։
Հարաւային կիսագնդին մէջ, սակայն, ամառ է, եւ մարդիկ կրնան այնտեղ վայելել աւելի երկար օրեր։
Արեւադարձերը տեղի կ՚ունենան, երբ Երկրի առանցքը թեքուած է կամ հեռու է արեւէն, որ կը յանգեցնէ արեւի լոյսի անհաւասար բաշխման Երկրի վրայ։
Ձմեռային արեւադարձի ժամանակ Հիւսիսային կիսագունդը կը թեքուի դէպի հեռու, իսկ ամառային արեւադարձի ժամանակ՝ դէպի արեւը։
Այսօր՝ դեկտեմբեր 21-ին, Երեւանի ժամանակով 13:20-ին, Արեգակը պիտի անցնի երկնային հորիզոնի նկատմամբ ամենացած կէտով, որ աստղագիտական ձմռան սկիզբը կը համարուի:
Ատկէ ետք Արեգակն ամէն օր աւելի ու աւելի բարձր հետագիծով կը հատէ երկինքը, որու շնորհիւ ցերեկուան տեւողութիւնն աստիճանաբար կը սկսի երկարիլ։ Այս մասին յայտնած են Բիւրականի աստղադիտարանէն։
Այդ օրը կը կոչուի ձմեռային արեւադարձի օր, իսկ հիւսիսային կիսագնդին մէջ կը դիտուի ամենաերկար գիշերն ու ամենակարճ ցերեկը: