Մոսկուայի մէջ Իրանի դեսպան Քասեմ Ճալալին եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօն հանդիպած են՝ քննարկելու Իրանի նախագահ Մասուտ Պեզեշքիանի Ռուսիա այցը։ Այս մասին յայտնած է իրանեան Mehr գործակալութիւնը։
Վերջինիս հաղորդմամբ՝ դիւանագէտները հանդիպած են՝ քննարկելու Թեհրանի եւ Մոսկուայի համագործակցութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ, այդ շարքին՝ տնտեսութեան, քաղաքականութեան եւ հիւպատոսական հարցերու մէջ։
«Կողմերը քննարկած են նաեւ Իրանի նախագահի՝ Ռուսիոյ Դաշնութիւն կատարելիք այցը»,-նշած է գործակալութիւնը։
Հաղորդուած է, որ հանդիպման ընթացքին Իրանի դեսպանն ընդգծած է երկու պետութիւններու միջեւ համատեղ պայմանաւորուածութիւններու յառաջխաղացման նպաստելու անհրաժեշտութիւնը։