image

Ընթերցումներս. Աւելորդաբանութիւն (11). Գրեց՝ Տօքթ. Արմենակ Եղիայեան

Ընթերցումներս. Աւելորդաբանութիւն (11). Գրեց՝ Տօքթ. Արմենակ Եղիայեան

Աւելորդաբանութիւն (11)

Աւելորդ յօդեր (բ) 

  1. Յօդ եւ յատուկ անուն

Արեւմտահայերէնի մէջ ուղղական հոլով  յատուկ անունները, որոնք ենթա-կայի պաշտօն կը կատարեն,   կը խուսափին  յօդ առնելէ:

Այս կանոնը շատ յստակ բանաձեւած է արեւմտահայ քերականութեան անզուգական տեսաբանը՝  հայր Արսէն Այտընեանը:

«Գոյական յատուկ անուանց եզակին՝ ուղղականի մէջ առանց յօդի կը գործածուի. օրինակ՝ 

--Աղեքսանդր մեծամեծ աշխարհակալութիւններ ըրաւ:

--Ներոն զՀռոմ այրեց եւ իւր մայրն սպաննեց:

--Աթէնք իմաստութեան մայրաքաղաք էր:

--Եփրատ ու Տիգրիս Միջագետքի սահմաններն են»:

                                                  (Քննական քերականութիւն, § 424)

Աւելի քան  դար մը ետք՝ 1990-ին, նոյնը  պիտի ըսէր ժամանակակից  հմուտ արեւ-մտահայերէնագէտ  Եդուարդ Տասնապետեանը իր «Քերականութիւնիւն» մէջ (էջ 117).

«[Որոշիչ յօդ առնելէ] կրնայ շեղիլ միայն պատմական կամ աշխարհագրական հանրածանօթ յատուկ անուններու ուղղականը,  որուն անյօդ գործածութիւնը նախընտրելի է ընդհանրապէս. օրինակ

--Տիգրան Սելեւկիան կցեց իր կայսրութեան:

--Անդրանիկ հայ մարտական ուժին ներկայացուցիչն է:

--Անի Բագրատունեաց հոյակապ մայրաքաաղաքն էր:

--Եփրատ երկու գլխաւոր ճիւղ ունի»:  

                                                                         *   *   *

Ուրեմն ըստ մեր տեսաբաններուն՝ մերժելի են հետեւեալներուն թաւագիր յօդերը.

--Նեթանիահուն եւ Կալանթը   ընտրեցին «դիւրին» լուծումը: 

--Պաքուն կը վերահաստատէ... Ռուսիան դրական կ’արձագանգէ:

--Սուրիան կը դատապարտէ սիոնական այս նենգ  յարձակումը:

--Չինաստանը ... երկխօսութեան միջոցով  լուծումը կ'որդեգրէ:

--Ռուսիան երբեք չէ հրաժարած ազնիւ միջնորդի դերէն:

--Հայաստանը անկայուն ռազմավարական կացութեան մէջ է:

2. Ինչո՞ւ այսպէս է, այսինքն՝ ինչո՞ւ յատուկ անունները կը վանեն որոշիչ յօդը:

Հրաչեայ Աճառեան իր  «Հայոց լեզուի պատմութիւն»-ին  մէջ շատ հակիրճ, գրեթէ լակոնական  կը գրէ, որ «պաշտօնական անունները որոշիչ յօդ չեն առներ»:

ճիշդ ինչի՞ կ’ակնարկէ Աճառեան պաշտօնական  ըսելով:

Այդ պաշտօնականութիւնը այն  ժամանակը, միջոցն ու տարածութիւնն են,  որոնք մեզ  կը բաժնեն  տուեալ անձէն, վայրէն, իրէն  կամ  որեւէ առարկայէ: Անոնք պատմական դէմքեր են կամ ապրող  եօթնօտար ու  քաղաքական գործիչներ, աշխարհագրական տարածքներ կամ անծանօթ իրեր են: Այսպիսին են այն բոլոր յատուկ անունները, որոնց ակնարկեցինք վերի օրինակներով:

Կացութիւնը բոլորովին կը փոխուի, երբ կը խօսինք կամ կը գրենք այնպիսի  անձերու մասին, որոնց հետ  ինչ-որ մտերմութիւն մը ունինք, որոնց հոբեբանօրէն ընտելացած ենք եւ որոնք կարծես որեւէ գաղտնիք չեն ներկայացներ մեզի համար. այդպէս են ամէն բանէ առաջ մեր անմիջական հարազատները, ընկերներն ու բարեկամները,  մօտիկ ու հեռաւոր ծանօթները  եւ այլն: Այսպիսիներէն ոմանք մանաւանդ կ’անուանենք փաղաքշական անունով:

Արամը ըսաւ, որ  շուտով պիտի ճամբորդեն:

Համբիկը շատ յոգնած էր, դպրոց չեկաւ:

Արան նոր ինքնաշարժ մը գնեց:

Երեւանը հետզհետէ աւելի կը խճողուի:

Ասոն համալսարան ընդունուեր է:

                                                               *   *   *

Լեզուն ճշգգրիտ գիտութիւն չէ, ինչպէս են թուաբանութիւնը, բնագիտու-թիւնը, քիմիագիտութիւնը եւ այլն, ուր ոչ մէկ  անակնկալ կը պատահի: Լեզուն մարդկային գիտութիւն է, եւ  կը պատահի, որ անոր այս կամ այն կանոնը պայմաններու բերումով  եկփեղկուի եւ ներկայացնէ բացառութիւններ:

Երբ պատմութեան մէջ առաջին անգամ կը հանդիպինք Հայկ, Բել, Արամ եւ նման  անուններու,  ինքնաբերաբար ասոնք կ’արտասանենք առանց յօդի.

Հայկ ըմբոստացաւ Բելի դէմ եւ հեռացաւ Բաբելոնէն:

Բել պատգամաւորներ ղրկեց Հայկին ետեւէն, որ զայն Բաբելոն դարձնեն:

Հայկի ու Բելի փոխարէն նոյն ձեւով՝առանց յօդի պիտի անուանէինք  քիչ մը բոլոր պատմական  դէմքերու անուները, գոնէ... սկիզբը:

Բայց ահա ժամանակին հետ նոյն աշակերտները այնքան կը կրկնեն այս անունները, այնքան կ’ընտելանան անոնց, որ կամաց-կամաց եւ ինքնաբերաբար  կը փոխեն իրենց արտասանութիւնն ալ.

Շարան այնքան շատակեր էր, որ Հայկը ստիպուեցաւ անոր տալ Շիրակի ցորենի ընդարձակ դաշտերը, որպէսզի ան կշտանար:

Բելը զայրացաւ Հայկի մերժումէն եւ  արշաւեց Հայաստան:

Կարծես Շարան եւ Բելը... դարձան  այնպիսի մտերիմներ,  որոնց հետ գնդիկ կը խաղայ իրենց ծանօթ փողոցներու մէջ:

Եւ այսպէս մէկ առ մէկ այդ յատուկ անունները կը կորսնցնեն իրենց  այն «պաշտօնականութիւնը», որուն կ’ակնարկէ Աճառեան. աշակերտը  կ’ընտելանայ այդ անունները կրողներուն, եւ տարածութեան ու ժամանակի պատնէշը կը վերնայ իր եւ անոնց միջեւ. եւ այդ յատուկ անունները անզգալաբար որոշիչ յօդ կը ստանան:

 



Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com