image

«Յաճախ ցաւը կ՚օգնէ, որ արթննաս...». Այնճարցի երիտասարդ արուեստագէտ՝ Սիրուն Սարեան

 «Յաճախ ցաւը կ՚օգնէ, որ արթննաս...».  Այնճարցի երիտասարդ արուեստագէտ՝ Սիրուն Սարեան

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ Բնիկ Մուսալեռցի, Այնճարաբնակ երիտասարդ արուեստագիտուհի Սիրուն Սարեան: 

 

Ի՞նչ էր պատճառը, որ նախընտրեցիք նկարչութեան հետեւիլ: Ո՞ւրկէ էր այդ սէրը եւ արդեօք ձեր կատարած ընտրութիւնը ճիշդ էր։

Նկարչութիւնը միջոց մըն էր «անջատուելու», եւ հաճելի մտային պտոյտ մըն էր: Նկատի ունենալով, որ ես յաճախ ես զիս կը զբաղեցնէի փոքր տարիքիս, նախընտրելով լուռ եւ մինակ ըլլալ, այնուհետեւ պտոյտներս խորացան ու հետզհետէ աւելի հաճելի դարձան: 

 

Կ՚ապրինք դժուարին ժամանակներ: Ամենուրէք հակա-արուեստ մթնոլորտ մը կը տիրէ, որ նաեւ ջլատող ու տկարացնող է։ Այս բոլորին դէմ ինչպէ՞ս կը պայքարիք։

Շնորհակալ ըլլալու եւ սիրելու ուժը անսհաման է:

Երբ աչքերդ գոցես, անջատուիս աղմուկէն, կը դառնաս դէպի ներս, հոն «Քահրապան» (ելեկտրականութիւն) չ'երթար, հոն, կեանքի հրաշալիքները դիւրին է տեսնել:

Այո՛, կրնայ կացութիւնը ցաւցնել, փճացնել անձդ, սակայն ցաւը կ'օգնէ նաեւ որ արթննաս, եւ կը դառնայ հասուննալու եւ ստեղծելու վառելանիւթ: 

 

Այնճարը, իր հողով, արեւով ու ջուրով արուեստի հոգի ունի: Այդ բոլորը ինչքանով ազդած են ձեր վրայ։ 

Լերան լանջին, կանաչ խոտերը՝ տաք

Կամ պոռթկացող մութ քամին

Աշնան ջերմ գոյները՝ վառ

Կամ գարնան արեւածագը զով

Ամէն օր տեսիլքով մը նոր

Գոյնզգոյն դրախտ է Այնճար

Ես ալ օրհնեալ հանդիսատես

Սոված՝ օրուան հանդէսին:

Ահա եւ պատասխանս՝ կարճ ու դիպուկ։

 

Արուեստի քննադատներ յաճախ կը դիտարկեն, որ իւրաքանչիւր ոք, որ արուեստով կը զբաղի ինք իր մասին կը գրէ (եթէ գրող է) եւ ինք իր անձը կը նկարէ կտաւին վրայ, եթէ նկարող է։ Ձեր պարագային այդպէ՞ս է։

Ո՞վ է ինքը, ինչ է ինքը՞: Մարդ արարածը, ծնած օրէն հարց կը դնէ, որ հասկնայ այս հրաշք էութիւնը, եւ որքան գիտնայ անոր մասին՝ այդքան կը ջանայ գիտնալ աւելին:

Շատ բնական է, որ արուեստագէտը, որ է՛ պարզ մարդ ամէնէն առաջ կը փորձէ ինքզինք գտնել, հասկնալ նախ իր անձը, որ կարենայ հասկնալ դիմացինը եւ յետոյ աշխարհը:

Արուեստագէտը երբ գիտակցաբար «կը խաղայ» իր մատներով, կը գործածէ գիտութիւն, եւ կամ, ատեն-ատեն, անգիտակցաբար՝ լեցուած «աղբը» ուղեղին, հետեւաբար անհատի մը գործը անպայման կը թափանցէ իր ճաշակէն ներս, իր «ուղեղի հաւաքածոյ»ին , իր անձէն ներս:

Ես անձնապէս չեմ կեդրոնանար հայելիէն տեսածիս վրայ, սակայն ներքին ապրումներս շօշափելի են գործիս մէջ:

 

Բողոքը, պոռթկումները եւ օրուան տագնապները կ՚երեւի՞ն ձեր գործերուն մէջ։

Ատեն-ատեն, երբ փոխանցելիք միտք մը ունենամ։

 

Ձեզի համար գոյութիւն ունի՞ հայկական արուեստ։ Եթէ այո, ինչո՞վ կը զատորոշուի այն։

Ինչպէս նախապէս նշեցի, անհատի մը գործը անպայման կը թափանցէ իր անձէն ներս։Հայրենիքով գինովցողը, դուրս պիտի տայ հայրենիք: Համբերատար մեր ժողովուրդի բնազդը, քէֆը սիրելը, կեանքը սիրելը, բնապաշտութիւնը, եւ երազը, յստակ կ'երեւին արուեստի գործի մանրամասնութեան եւ ընդհանուր ճաշակին մէջ:

 

 Հարցազրոյցը  «Արեւելք»ի համար կատարեց`

Նաթալի Տէր Ստեփանեան-Քէնտիրճեան