Պետական վերահսկողական ծառայութեան նախկին պետ Դաւիթ Սանասարեանն արդարացուած է։ Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանը՝ դատաւոր Դաւիթ Բալայեանի նախագահութեամբ, հրապարակած է Դաւիթ Սանասարեանի գործով վճիռը՝ արդարացնելով անոր առաջադրուած մեղադրանքին մէջ՝ յանցակազմի բացակայութեան հիմքով։
Դաւիթ Սանասարեանին մեղադրանք առաջադրուած էր ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի (2003թ.) 308-րդ յօդուածի 1-ին մասով`պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելու համար: Մասնաւորապէս, ըստ մեղադրական եզրակացութեան՝ Դաւիթ Սանասարեանին մեղադրանք առաջադրուած էր այն բանի համար, որ ան, հանդիսանալով ՀՀ պետական վերահսկողական ծառայութեան ղեկավար, ունենալով ծառայութեան անմիջական ղեկավարումն իրականացնելու, ծառայութեան աշխատակիցները նշանակելու եւ ազատելու, կարգապահական տոյժի ենթարկելու, վերահսկուող կառոյցներուն մէջ ուսումնասիրութիւններ իրականացնելու յանձնարարագրեր տալու, վերահսկուող կառոյցներէն ծառայութեան գործառոյթներուն առնչուող տեղեկութիւններ եւ փաստաթուղթեր պահանջելու լիազօրութիւններ, խմբային շահերէ ելլելով, իր պաշտօնէական դիրքն օգտագործած է ծառայութեան շահերուն հակառակ, ինչպէս նաեւ չէ կատարած իր ծառայողական պարտականութիւնները:
Անոր նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած էր չհեռանալու մասին ստորագրութիւնը: