image

Լիբանան. Հանգց. Արուեստագէտ Զոհրապ Քէշիշեանի կտաւներէն նուէր՝ Զմմառու վանքին

 Լիբանան. Հանգց. Արուեստագէտ Զոհրապ Քէշիշեանի կտաւներէն նուէր՝ Զմմառու վանքին

Օրերս արուեստագէտ Զօհրապ Քէշիշեանի քրոջ դուստր`Օրդ. Թալին Գանլըճեանի ձեռամբ լիբանանահայ հանգուցեալ արուեստագէտի կարգ մը կտաւները նուիրուած են Հայ Կաթողիկէ Զմմառու վանքին։

Եղելութեան մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Զմմառու Վանքի մամլոյ դիւանէն։

Ստորեւ ատոր մասին խմբագրութեանս հասած լրատւութիւնը`

Հայ ժողովուրդին ասպնջականութիւն տուող` անզուգական Լիբանանը, ուրկէ ծնունդ առաւ` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը եւ որ յիրաւի արժանի է անուանուելու` սփիւռքահայութեան հոգեմտաւոր կեդրոններէն կարեւորագոյնը` պատմութեան ընթացքին եւ մինչեւ օրս` որդեգրած է բարի եւ գեղեցիկ սովորութիւն մը, ըստ որում` վանքի որմերը զարդարած է բազմաթիւ հայ արուեստագէտներու կտաւներով: Վերջին օրերուս, անոնք համալրուեցան իւղանկարիչ` Զոհրապ Քէշիշեանի կտաւներով։

Մեր Տիրոջ Յիսուս-Քրիստոսի փրկչագործութիւնը, Եկեղեցւոյ հայրերու վարքերը եւ այլ բնագաւառներ` ներշնչման աղբիւր հանդիսացած են Զոհրապի ստեղծագործութեան։

Զմմառու Վանական համալիրի մէջ` իր խօսուն հետքը ձգելու միտումով` Կիրակի, 1 Յունիս 2025-ի, առաւօտեան ժամը 11,30-ին, Զմմառու մայրավանքի դահլիճին մէջ, ջերմ ընդունելութեան արժանացան` արուեստագէտ Զօհրապ Քէշիշեանի քրոջ դուստր` Օրդ. Թալին Գանլըճեանն ու իրեն ուղեկցող հիւրերը։

Ան իր մօրեղբօր յիշատակը վառ պահելու նպատակաւ` Զօհրապի արուեստի գլուխ-գործոց կտաւներէն երեքը` "Յիսուսի Չարչարանքը", "Աստուածամայրը` Մանուկ Յիսուսը պարուրած", "Քրիստոս` կեանքի հացը ափին մէջ պահած" խորագրերով իւղանկարները` նուիրեց Մայրավանքին։

Հիւրերուն` ըստ արժանւոյն դիմաւորեցին` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Գերպծռ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վրդ. Զահթէրեան, փոխ մեծաւոր` Գեր. Հ. Նարեկ վրդ.Լուիսեան, վանքի վարչական հայրերն ու ժառանգաւորները։

Հ. Նարեկ Լուիսեան ողջունելէ ետք հիւրերը, բարձր գնահատեց Զօհրապ Քէշիշեանի արուեստը, ըսելով` մարդ իր գործով է, որ կ'անմահանայ եւ պատմութեան ոսկեայ էջերուն մէջ իր անունը կ'արձանագրուի։

Իսկ մեծաւոր հայրը՝ դրուատիքի եւ երախտիքի խօսքեր շռայլեց օրդ. Թալինին, որ իր մօրեղբօր այնքան արժէքաւոր կտաւները, առանց դոյզն անգամ վարանելու նուիրեց 276-ամեայ Զմմառու Վանքին։

Գերպծռ.Մաշտոց խոստացաւ, որ կտաւները իրենց ուրոյն եւ արժանի տեղը կը գրաւեն Վանական համալիրի համապատասխան դահլիճներուն մէջ։

Այնուհետեւ օրդ. Թալինն իր հերթին պարզեց թէ ինք՝ իր մօրեղբօր կտակին անսալով նուիրաբերեց սոյն կտաւները յատկապէս Զմմառու Տիրամօր Վանքին։

Զօհրապ Քէշիշեանի արուեստի յաջողութեան առանցքը կը կայանայ` իր ինքնատիպ ոճին մէջ, որ փայլք եւ երանգ կը հաղորդէ իր արուեստին։ Քանզի իւրաքանչիւր կտաւ արուեստի գոհար մըն է, այնքան լիակատար ներդաշնակութեամբ, որ կարծէք մարդկային ձեռակերտ մը չէ, այլ` արարչագործութիւն