image
Հրատապ լուրեր:

«Վստահ եմ որ , հայրս, Անդօն, Սեպուհը, Ճորճիկը եւ Տիգրանը բարի աչքերով պիտի ժպտին եւ գոհ պիտի մնան .....» Վերա Սիսեռեան

«Վստահ եմ որ , հայրս, Անդօն, Սեպուհը, Ճորճիկը եւ Տիգրանը բարի աչքերով պիտի ժպտին եւ գոհ պիտի մնան .....» Վերա  Սիսեռեան

Վերա  Սիսեռեան  իր Ֆէյսպուքեան էջին  Կը Գրէ «Դժուար է գրել կամ խօսիլ նիւթի մը մասին, որուն իրար հակասող երանգները, լաւ ու վատ յիշատակները, ուղեղին մէջ զգայացունց պատկերները կը խանգարեն մարդու հոգին , տակնուվրայ կ՛ընեն status quo-ն եւ կը յառաջացնեն խառն զգացումներ: Դժուար էր ինծի համար որոշումը, գրելու քանի մը օրեր առաջ մեզմէ հեռացած Տիգրանին մասին. Դժուար էր նաեւ գրելէս վերջ գրութիւնը էջիս վրայ տեղադրելու որոշումը: Տիգրան Պէրպէրեանը եւ իր հետ մնացեալ տղոց խումբը Սեպուհը, Գօգօ-ն, Վարուժը, Անդօն,Արտաւազդը , Յակոբը, Ճորճիկը, մանկութեանս եւ պատանեկութեանս տարիներու Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի արհաւիրքին մէջ ,մեր տան ամէնօրեայ այցելուներն էին այն իտէալական յեղափոխականները ,որոնք մեր երգած երգերու բառերուն տուած էին միս ու ոսկոր . հակառակ որ անոնց ներկայութիւնը կը կաշկանդէր տան մէջ մեր ազատ շրջագայութիւնը, սակայն փոքր տարիքի տարօրինակ գիտակցութեամբ կ՛ըմբռնէինք ազգային բարձր շահերու պահանջած զոհողութիւններու կարեւորութիւնը: Այս տղոց շարժուձեւերուն, խօսակցութեան , կենցաղին մէջ կային հակասութիւններ ' կրնային ըլլալ շատ քաղաքավար , միեւնոյն ժամանակ շատ դաժան. Կատակասէր եւ լուրջ , կեանքը շատ սիրող , միեւնոյն ժամանակ մահուընէ չվախցող . մէկ բան որ յստակ էր եւ զուլալ այս տղոց հայրենասիրութիւնն էր , ազգասիրութիւնը , ժողվրդասիրութիւնը եւ այս բոլորին իրենց սիրած կուսակցութեան ճամբով ծառայելու աննկուն կամքը : Հօրս նման այս տղաքն ալ հազիւ նախակրթարան մը կամ քիչ մը աւելի դպրոց յաճախած էին , սակայն սովորական չէին...իրենց բարձր ազգային գիտակցութիւնը իրենց կուտար իւրայատուկ դրոշմ: Այդ դրոշմով կնքուած այս կեանքէն հեռացան անոնցմէ շուտ մահացողները Անդօն եւ Ճորճիկը, այդ դրոշմով կեանքէն հեռացաւ նաեւ հայրս , որուն երբէք առիթ չունեցանք վայելելու իբրեւ ընտանիքի հայր, որովհետեւ միշտ զբաղած էր կուսակցական ԻՐԱԿԱՆ գործերով , մնացողները որոնք ողջ մնացին մինչեւ մեր օրերը, շուարեցան որովհետեւ իրենց ծանօթ չէր այլեւս նոր դիմագիծ ստացած իրենց նախկին միջավայրը , խարխափեցան որովհետեւ կորսնցուցին իրենց իսկական խօսակիցները եւ մնացին դիմակաւոր կեղծ անձնաւորութիւններու քմայքէն կախուած , անձնաւորութիւններ որոնց համար հասկնալի չէր այդ բացարձակ ազգայնապաշտութիւնը որովհետեւ կար այլ «պաշտութիւն» կեանքի մէջ , որ կ՛ապահովէր տարբեր կարելիութիւններ: Խարխափեցան սակայն երբէ՛ք չկորսնցուցին իրենց դրոշմը , կը բաւէր միայն սուր եւ խորասուզուող աչքեր տեսնելու զայն: Փորձեցին Անտեսել եւ այսօր կը շարունակեն փորձել անտեսել հայ ժողովուրդի վերջին 40-ամեակի Զարթօնքը կարելի դարձուցած հայորդիներ , եւրոպական մայրաքաղները ցնցող հերոսներ, մտաւորականներ , ղեկավարներ . անձնազոհութիւնը կեանքի առօրեայի վերածած պարզ մարդիկ ... որոնք պէտք չունին լուսարձակներու, առաջին շարքերը գրաւելու , մեծարանքի խօսքերու , նիւթական շահերու ...« Անտեսել»... պիտի ծիծաղէին անոնցմէ շատեր այս բառի գործածութեան համար , որովհետեւ անտեսելու կամ մեծարելու անոնց չափանիշերը չեն համապատասխաներ անտեսողներու չափանիշերուն :Պիտի չգրէի, սակայն գրեցի եւ վստահ եմ որ ուր որ են անոնք այսօր, այս վայրկեանին, հայրս, Անդօն, Սեպուհը, Ճորճիկը եւ Տիգրանը բարի աչքերով պիտի ժպտին եւ գոհ պիտի մնան .....»