Արաբական հետախուզութեան աղբիւրները յայտնած են, որ Իրանի յեղափոխութեան պահապանները կը պատրաստուին յառաջիկայ ամիսներուն Իրանի մէջ իրենց միջուկային դիրքերուն վրայ յարձակման հնարաւորութեան, ըլլայ այդ կիպեր կամ այլ անյայտ կողմերէ:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցները յայտնած են «արաբական երկիրներու եւ Իսրայէլի հիասթափութեան մասին Իրանի հետ միջուկային բանակցութիւններուն առնչութեամբ»։
Իսրայէլեան «13-րդ ալիքի» արաբական հարցերով թղթակիցը մեկնաբանած է, որ «Սէուտական Արաբիան, Եգիպտոսը եւ այլ երկրներ իրենց տեսանկիւնէն կը նային միջուկային բանակցութիւններուն եւ պարզապէս կ'ըսեն, որ այդ կատարուած իրականութիւն է», յաւելելով, որ «համաձայնագիր պիտի ըլլայ, որովհետեւ ամերիկացիները պարզապէս ենթարկուած են եւ կ'ենթարկուին իրանցիներուն»։
Թղթակիցը շարունակած է՝ ըսելով. «Այդ պատճառով անոնք շատ հիասթափուած են այս հարցով, եւ այս հիասթափութիւնը հասաւ նաեւ Երուսաղէմ, եւ մենք այդ կը լսենք այստեղ։ Ան յաւելեց. «Արաբական հետախուզութեան աղբիւրները յայտնած են, որ Իրանի յեղափոխութեան պահապանները կը պատրաստուին յառաջիկայ ամիսներուն Իրանի մէջ իրենց միջուկային դիրքերուն վրայ յարձակման հնարաւորութեան, ըլլայ այդ կիպեր կամ այլ անյայտ կողմերէ»:
Միեւնոյն ժամանակ, իսրայէլեան «13-րդ ալիքը» նշած է, որ «միջուկային բանակցութիւններուն ձգտումը Իրանին հեռու պահելն է միջուկային երկիր դառնալէ»։
Այն հարցին, թէ Իսրայէլը որքանո՞վ տեղեկացուած է միջուկային բանակցութիւններուն կատարուածին մասին եւ որքանո՞վ կը լսեն անոր դիրքորոշումը, «13-րդ ալիքի» արտաքին յարաբերութիւններու մեկնաբանը ըսաւ, որ «Իսրայէլը շատ տեղեկացուած է եւ անոր դիրքորոշումը լսելի է, եւ կասկած չկայ, որ Իսրայէլի ներկայութիւնը կարեւոր է, եւ թէ Ամերիկայի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ եւրոպացիները կը խօսին իսրայէլցիներուն հետ»:
Ան նաեւ մատնանշեց, որ «կը ձգտին Իրանը հեռու պահել միջուկային երկիր դառնալէ», բացատրելով, որ «իրենք ներկայիս կը գտնուին այդ փուլին, այնպէս որ կարելի է որոշ քանակութեամբ ուրան վերցնել, բայց անոնք կրնան վերադառնալ եւ դարձեալ հարստացնել զայն որեւէ ժամանակ»:
Աւելի ուշ, իսրայէլեան «13-րդ ալիքը» մատնանշեց, որ «նոյնիսկ եթէ Իրանի հետ միջուկային բանակցութիւններուն մէջ համաձայնութիւն ձեռք բերուի, հակառակ յոռետեսական գնահատականներուն, Իսրայէլի մէջ անհանգստութիւնը կ'աւելնայ»։