image
Հրատապ լուրեր:

Ոչ եւս Հալէպահայ ազգային գործիչ՝ Բժշկ. Վահէ Սիսեռեանը

Ոչ եւս Հալէպահայ ազգային գործիչ՝ Բժշկ. Վահէ Սիսեռեանը

  Հանգուցեալ Բժշկ. Վահէ Սիսեռեանը Բերիոյ Հայոց Թեմի Ծառայութեան շքանշանակիր, Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի անդամ, Ազգային Վարչութեան, Ուսումնական Խորհուրդի եւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Խնամակալութեան նախկին ատենապետ, Թեմի պատասխանատու յանձնախումբերու մէջ գործող, երկարամեայ վաստակաշատ ծառայող էր։

 

Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքած է համայնքային  նուիրեալ գործիչ ՝Բժշկ. Վահէ Սիսեռեանը։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Բերիոյ Թեմի դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ 

 

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը եւ Ազգային Վարչութիւնը սրտի խոր կսկիծով կը գուժեն մահը

 

Բերիոյ Հայոց Թեմի Ծառայութեան շքանշանակիր, Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի անդամ, Ազգային Վարչութեան, Ուսումնական Խորհուրդի եւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Խնամակալութեան նախկին ատենապետ, Թեմի պատասխանատու յանձնախումբերու մէջ գործող, երկարամեայ վաստակաշատ ծառայող

 

Հանգուցեալ Բժշկ. Վահէ Սիսեռեանի

(ծնեալ 1943-ին, Հալէպ)

 

որ պատահեցաւ Շաբաթ, 19 Փետրուար 2022-ին, Հալէպի մէջ:

 

Հանգուցեալին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Կիրակի, 20 Փետրուար 2022-ին, կէսօրուան ժամը 2:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

 

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։