image

Ուսուցի՞չ, թէ՞ «Մարդակերտ»

Ուսուցի՞չ, թէ՞ «Մարդակերտ»

2022-2023 տարեշրջանին ինծի առիթը ընծայուեցաւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի միջնակարգի աշակերտներուն դասաւանդելու հայոց պատմութիւն: Ըսեմ, որ ուսուցիչ ըլլալը այս օրերուն դիւրին գործ մը չէ, մանաւանդ` ըլլալ հայոց պատմութեան ուսուցիչ, երբ մեր ազգը եւ պետականութիւնը կ՛ապրին պատմութեան ամէնէն վտանգաւոր ժամանակաշրջաններէն մէկը: Աւելի՛ն. իբրեւ համալսարանի դասախօսի` ասիկա ինծի համար մեծ մարտահրաւէր  մըն էր, որովհետեւ դպրոցի աշակերտի եւ համալսարանի ուսանողի միջեւ  մակարդակին եւ դաստիարակչական որոշ  հաւասարակշռութիւն մը պէտք է պահպանել: Այստեղ նաեւ պէտք է նշել, որ ո՛չ պատմաբան եմ, կամ` պատմագիտութիւն ուսանած, ո՛չ մանկավարժ եւ ո՛չ ալ հայագէտ, հետեւաբար պատմական իրադարձութիւնները պիտի վերլուծէի քաղաքական դիտանկիւնէ եւ մտահոգուած էի, թէ որքանո՞վ միջնակարգի աշակերտը պիտի կարենար այդ մէկը ըմբռնել, կամ որքանո՞վ պիտի կարենայի աշակերտին օգնել քննական ձեւով վերլուծել եւ միշտ իրեն ուղղել հարցնելով պատմական դրուագի մը «ինչո՞ւ-ինչպէ՞ս»-ը:

Առաջին օրերը իրարու հետ ծանօթանալու օրեր էին: Այստեղ հոգեբանական որոշ շփում մը կ՛ըլլայ աշակերտին եւ նոր ուսուցիչին միջեւ. աշակերտները, իրենց կարգին, պիտի ծանօթանան իմ նոր «սիսթեմիս» կամ «մեթոտաբանութեանս», ուր հիմնական սիւները դասախօսական քննարկումներն էին եւ ոչ թէ` գոցաբանութիւնը: Պիտի մղէի զիրենք մտածելու, թէ ի՛նչ կրնային ընել, եթէ զիրենք ըլլային Տիգրան Մեծը, Վարդան Մամիկոնեանը կամ Վասակ Սիւնին, Գայլ Վահան Մամիկոնեանը, Թէոդորոս Ռշտունին կամ Իսրայէլ Օրին: Պատմական եւ զգացական դիտանկիւնէ մեկնած` այս բոլորը մեր հերոսներն են (Վասակ Սիւնիէն զատ, ուր միշտ ալ մերժած եմ զայն «դաւաճան» անուանել), սակայն քաղաքական դիտանկիւնէ դիտուած` այս հերոսները եւս ունէին իրենց թերութիւնները, եւ մենք պէտք էր վերլուծէինք ու քննարկէինք այս բոլորը` զգացական մօտեցումէ հեռու: Իսկ ամէնէն կարեւորը այն էր, որ պատմական իրադարձութիւնները կը կապէի ներկայ փուլին, եւ այստեղ էր, որ Բիւզանդիոնի ու Պարսկաստանի հակամարտութիւնը եւ Սիւնիքի ու Սիւնիներու դերը կը կապէի այսօրուան Սիւնիքի շուրջ տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններուն: Պահ մը ես ալ կ՛անդրադառնայի, որ աշակերտի նման` ամէն նոր քննարկումէ մը ետք նոր բան մը կը սորվէի, ինչպէս որ քաղաքագիտութեան դասախօսներէս մէկը ինծի ըսած էր. «Քաղաքագիտութեան մէջ միշտ աշակերտ կը մնաս, որովհետեւ նոր բան կը սորվիս»:

Այս կարճ փորձառութեամբ վերլուծեմ աշակերտին գիտական պէտքը եւ հոգեբանական ու ազգային նկարագիծը.

Առաջին մէկ-երկու ամիսները կը յատկանշուին հոգեբանական «պայքար»-ով մը, որուն ընթացքին աշակերտը քննութենէ կ՛անցընէ ուսուցիչը: Այո՛, սիրելի՛ ուսուցիչներ, մենք ալ կ՛ենթարկուէինք ամէնօրեայ հոգեբանական ստուգումներու: Աշակերտը կը փորձէ ուսումնասիրել ուսուցիչին հոգեբանութիւնը` գիտնալու համար, թէ ան որքանո՛վ ընկերային է, գաղափարակից կամ միութենական է, որքանո՛վ խիստ է, ժպտուն կամ ընկերասէր եւ երբեմն` կատակասէր, որքանո՛վ կը հասկնայ մարզական հարցերէ եւ… աւելի՛ն, երբ նոյն աշակերտը` իբրեւ պատանի կամ սկաուտ, ներկայ կ՛ըլլար քու միութենական դասախօսութիւններուդ, հոս ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութիւնը պիտի փոխարինուէր ընկեր-ընկերուհի կամ եղբայր-քոյր յարաբերութեամբ: Այս ալ մարտահրաւէր մըն էր ինծի համար, եւ երբեմն այնպէս կ՛ըլլար, որ այլ ուսուցիչներու խորհուրդին կարիք կ՛ունենայի: Հոգեբանական «պայքարը» երբեք դիւրին չէր, անոր մէջ «չարաճճիութիւնը» կը խառնուէր, բայց պահ մը կը զսպուէի եւ հարց կու տայի ես ինծի. «Եղի՛կ, դուն ալ իրենց տարիքին այնքան հրեշտա՞կ էիր»: Մինչեւ հիմա գրեթէ բոլոր ուսուցիչներս կը նշեն, թէ որքա՛ն բարի էի, բայց ներողամիտ թող գտնուին անոնք, որովհետեւ ամէն անգամ, որ գրաւոր մը պիտի յետաձգուէր մեր դասարանին կողմէ, թող վստահ ըլլային, որ այդ գաղափարը հրահրողը ես էի:

Բայց այս սերունդը բաւական տարբեր էր իմ սերունդէս: Այո՛, ընկերային ցանցերը շատ բան փոխած են մեր ընկերային յարաբերութեան մէջ, բայց նաեւ անդրադառնանք դրական կէտերու, որոնք բաւական զգալի էին:

Զգալի էր, որ աշակերտը կարօտը եւ պահանջը ունէր ներկայ գիտելիքներուն, պատմական դիտանկիւնէ ուսուցումը անոր կրնար «զզուելի» թուիլ, եւ միշտ կարեւոր էր իրադարձութիւնները դերձանով իրարու հիւսել: Աշակերտները ունէին նոյնանման անկեղծ հարցումներ, օրինակ` «Ինչո՞ւ մեծ պետութիւնները միշտ կ՛ուզեն Հայաստանը գրաւել», եւ հոս պէտք է բացատրել Հայաստանի աշխարհագրական դիրքն ու անոր կարեւորութիւնը: Այսպէս, ցաւալի իրականութիւնը կը վերածուէր հզօր խաղաքարտի մը, ուր գալիք սերունդէն կ՛ակնկալուի գնահատել Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը: Հետեւաբար այս սերունդին պէտք չէ այլեւս զգացական եւ բարոյական գիտելիք, որովհետեւ անոր առջեւ լայն բացուած է ընկերային ցանցերու հսկայ դաշտը, հոնկէ ան իր «լրատուական պաշարը» կը ստանայ, եւ ուսուցիչը այնպէս մը պէտք է դասաւանդէ, որ ցաւալի կամ ողբերգական իրականութիւնը գիտական ձեւով քննարկէ (ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս պատահեցաւ, ի՞նչ պէտք է ընել…):

Այսպիսով, աշակերտը պիտի զարգացնէ իր քննական մտածողութիւնը եւ պիտի գործածէ իր երեւակայութիւնը` իբրեւ ապագայ երիտասարդ պատրաստուելու տեսլականով: Միշտ դասարանը կը կրկնէի, թէ` «Նիշը ինծի համար կարեւոր չէ, որքան որ դուք զարգացնէք ձեր երեւակայութիւնը, եւ ես` իբրեւ ուսուցիչ, կը գոհանամ, երբ տասը տարի ետք քաղեմ իմ պտուղներս»: Հաւանաբար քիչերը հասկցան, որ իբրեւ ուսուցիչ` չեմ կրնար դատել աշակերտ մը իր նիշերով: Եւ հոս էր, որ զանոնք կը մղէի խմբային աշխատանքի կամ աշակերտական մակարդակի արտադասարանային որոշ հետազօտութիւններու կամ խոյզերու, ինչպէս նաեւ զանազան նիւթերով բերանացի կամ գրաւոր քննարկումներ կը կատարէի անոնց հետ, օրինակ` «Ինչպիսի՞ քայլերու կը դիմէիր, եթէ դուն ըլլայիր այսինչ թագաւորը կամ ղեկավարը»: Պէտք է ընդունիլ, որ կային աշակերտներ, որոնք իսկապէս խորունկ վերլուծական տաղանդ ունէին, եւ այս աշակերտները անպայման «նիշերով փայլուն» աշակերտներ չէին, անշուշտ կար նաեւ մաս մը, որ կը տիրէր զոյգ առաւելութիւններուն:

Պատմեմ օրինակ մը. աշակերտները միշտ ուրախ կ՛ըլլային, երբ ճամբորդութիւն ունենայի: Է՜հ, ո՞ր աշակերտը ուրախ պիտի չըլլար, երբ ուսուցիչը բացակայէր: Բայց երբ վերադառնայի, դասարանին մէջ որոշ կարճ քննարկումներ կը կատարէի իմ մասնակցած խորհրդաժողովներուս մասին, եւ հոն կը բացատրէի, որ երբեմն այս խորհրդաժողովներուն նաեւ ներկայ կ՛ըլլան թուրքեր եւ ազրպէյճանցիներ: Հոն պահ մը քար լռութիւն կը տիրէր, եւ շատերը կը զարմանային: Կը շարունակէի` բացատրելով. «Տեսէ՛ք, թշնամիին հոգեբանութիւնը պէտք է ուսումնասիրել, եւ հոս միշտ յիշեցէ՛ք երեք անասունները` արծիւը, աղուէսը եւ առիւծը: Արծիւը հեռուն կը տեսնէ, ապագայի տեսլական կ՛ունենայ, աղուէսը շատերուն համար խաբեբայ կ՛ըլլայ, բայց, եկէ՛ք, համաձայնինք ըսելու, որ խորամանկ եւ ժպտուն կ՛ըլլայ, իսկ առիւծը, ինչպէս բոլորդ գիտէք, հպարտ, զօրաւոր եւ գերիշխող: Եթէ ապագային քաղաքագիտութիւն պիտի ուսանիք կամ որեւէ ասպարէզի մէջ պիտի խորանաք, այս երեք անասուններու յատկութիւններուն պէտք է տիրանաք»: Գաղտնիք մը չէ, որ մեր ազգային կեանքին մէջ վերջին իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ մենք այս յատկութիւններուն չենք տիրապետեր, մեր ղեկավարները կը կարծեն, որ ճանկեր ունին, եւ այս վիճակով կրնանք դիմադրել թշնամիին. այս քաղաքականութիւնը մեզ կործանումի պիտի տանի, որովհետեւ այս ճանկերը սրելու կարիքը ունինք:

Ինչ կը վերաբերի հիմնական օրինակին, երբ ճամբորդութիւններէս մէկէն վերադարձած էի, յաջորդ օրը աշակերտներուն տեղեկացուցած էի, որ գրաւոր ստուգում մը ունէին: Թերեւս շատերը անտեղեակ էին, հաւանաբար իմ սխալս էր, սակայն հակառակ անոնց դիմադրութեան` որոշեցի, որ կատարեմ ստուգումը: Անշուշտ շատերը դժգոհ մնացին, իսկ աշակերտուհիներէն մին, որ բաւական խոր վերլուծական յատկութիւններ ունէր, ընդվզեցաւ, աչքերը ջրոտեցան, եւ երբ տեսաւ, որ կարելի չէր զիս համոզել` ետդարձ կատարելու իմ որոշումէս, նստաւ կարմրած եւ ստիպուեցաւ գրել: Հազիւ տուն հասած` երկրորդ թռիչք մը ունէի, եւ առաջին ճամբորդութիւնս էր դէպի Ռուսիա: Ստիպուած` գրաւորի թուղթերը հետս վերցուցի, որպէսզի օդանաւին մէջ սրբագրէի: Միշտ կ՛ուզէի նոյն գիշերը նիշերը հարթակին վրայ տեղադրել: Առաջինը սրբագրեցի այդ աշակերտուհիին գրաւորը: Զարմացած կը կարդայի ամէն մէկ նախադասութիւն, գոցաբանութենէ հեռու` ան գրած էր իր բառերով, ինչպէս որ դասարանը ես բացատրած էի, եւ վերջաւորութեան գրած էր` «Ներողութիւն, պարո՛ն»: Յաջորդ երկուշաբթին հազիւ ուսուցչարան մտայ առաւօտեան ժամը 7:00-ին, զինք կանչեցի. դարձեալ կարմրած երեսով, կարծելով, որ լաւ նիշ մը չէր ստացած, եւ հազիւ թէ իր աչքերը կը շեղէր իմ աչքերէս, եւ արդէն իսկ արցունքի գետակ մը պիտի հոսէր, հարցուց` «Պարո՛ն, լաւ չեմ ըրած, չէ՞»: Լուռ մնացի: «Ապաո՜ւ, պարո՛ն, 12 բերի՞ (արժենիշը 20-ի վրայ էր)», հարցուց: «Հը՜մ», պատասխանեցի: «10 կամ աւելի ցա՞ծ», հարցուց: Գրաւորի թուղթը իրեն տուի, եւ հազիւ նայեցաւ, ժպիտ մը գծուեցաւ իր երեսին վրայ, այս անգամ աչքերը փայլեցան ուրախութենէն, ան ստացած էր 17,5, եւ վերջին նախադասութեան վրայ գիծ քաշած էի եւ` աւելցուցած. «Սիրելի՛… ներողութեան պէտք չկայ, շատ ուրախ եմ, որ դասարանը մտիկ ըրած էիր եւ` քու բառերովդ գրած»: Ես` իբրեւ ուսուցիչ, իմ նպատակիս հասած էի: Հոս կ՛ուզեմ մէջբերել Խորհրդային Հայաստանի (ապա անկախ Հայաստանի) պետական գործիչ Կարէն Դեմիրճեանի խօսքը (վերածուած արեւմտահայերէնի). «Այն երեխան, որ ձեր ձեռքին տակ շատ լաւ ձեւաւորուած է, մարդ դարձած է, չի կրնար պատահիլ, որ վերջաւորութեան փճանայ»:

Անշուշտ այսպիսի օրինակները շատ էին, եւ արծարծելով այդ ամբողջը` յօդուածս կրնայ գրքոյկի մը վերածուիլ, ատոր մասին ալ ապագային կը մտածեմ:

Ուսուցի՞չ, Թէ՞ Մարդակերտ

Ինչպէս ըսի, մանկավարժ չեմ, բայց կը փորձէի կարողութեանս չափ, երբեմն` անյաջողութիւն գտնելով եւ տարբեր մարտահրաւէրներու առջեւ գտնուելով, հասկնալ աշակերտներուն մտածելակերպը: 12-13 սեպտեմբեր 2022-ին ազրպէյճանական կողմը յարձակում մը գործեց Հայաստանի տարածքներուն վրայ, այդ ոճրային արարքին զոհ գացին մօտ 300 հայ անմեղ քաղաքացիներ եւ զինուորներ: Այդ օրերուն բոլորս մտահոգուած էինք ուսուցչարանին մէջ, թէ ի՛նչ պիտի ըսէինք աշակերտներուն: Առաւօտեան ժամը 7:30-ին էր առաջին պահս եւ պիտի դասաւանդէի Խամսայի մելիքութիւններուն մասին: Անշուշտ աշակերտները լաւատես պատասխան մը կը սպասէին` ակնկալելով, որ ուսուցիչը պէտք է ոգեւորիչ խօսքեր ուղղէր իրենց, եւ ըսի. «Նայեցէ՛ք պատուհանէն դուրս, հոն կը տեսնէք լեռներ. հաւանաբար ամէն մէկ լեռը 20.000-40.000 տարեկան է, եթէ ոչ աւելի: Անոնք տեսած են երկրաշարժ, ջրհեղեղ, ռմբակոծում կամ տեղահանութիւն, բայց բարձր եւ հպարտ են: Կ՛ուզեմ, որ դուք ալ այդ լեռներուն պէս ըլլաք: Մեր պատմութիւնը յաղթանակներով լեցուն պատմութիւն մը չէ, սակայն այդ լեռներուն պէս դիմացած ենք»: Այստեղ ես «բարոյական յաղթանակ»-ներու կամ երազային յոյսերու առջեւ չէի դներ աշակերտները, գիտնալով մութ ապագան` չէի ուզեր ապագային նկատմամբ յուսախաբութիւն ներշնչել, այլ փոխաբերական իմաստով կամ պատմական դրուագներով անոնց կ՛ուզէի յիշեցնել մեր մութ անցեալը, ապագայի դժուար օրերը, սակայն` իրատեսական յոյս ունենալով, որ մենք դիմադրած ենք շատ աւելի ճգնաժամային օրերու ընթացքին եւ այս մարտահրաւէրն ալ կը կարողանանք յաղթահարել, եթէ միասնաբար ճշդենք մեր սխալները եւ որդեգրենք քաղաքական ճիշդ ուղին:

Թերեւս շատերուն համար ուսուցչութիւնը պարզ ասպարէզ մըն է, կամ ալ` ապրուստի միջոց, ամէն ոք ազատ է, ինչպէ՛ս կ՛ուզէ կողմնորոշուիլ իր կեանքին մէջ, սակայն ես չէի ընտրած այս ժամանակաւոր «պաշտօնը»: Գիտնալով, որ կարճ ժամանակի մը համար էր իմ առաքելութիւնս, որովհետեւ ուղղուած էի դէպի ակադեմական մասնագիտութիւն, ուրեմն տարբեր փորձառութիւն մը պիտի ունենայի եւ նոր մեթոտաբանական գործելաոճ մը որդեգրէի: Այստեղ ըսեմ, որ ուսուցչութիւնը դիւրին ասպարէզ մը չէ: Հոս զոհողութիւն պէտք է, որովհետեւ դպրոցը կը դառնայ քու երկրորդ տունդ, իսկ աշակերտները` քու զաւակներդ, կամ իմ պարագայիս` փոքր եղբայրներս կամ քոյրերս: Հոս գուրգուրանք կայ եւ պէտք է հոգատար ըլլաս, անշուշտ` միշտ հաւասարակշռութիւն պահելով կարգապահութեան հետ: Հոս նաեւ համալսարան չէ, որ դասախօսական շարքերէ ետք եռամսեակի վերջը նիշ մը պիտի տաս եւ անցնիս, թէեւ այդ ալ չէ իմ պարագաս:

Միշտ կը փորձէի դասարանին մէջ որոշ հաւասարակշռութիւն մը պահել աշակերտներուն միջեւ. երբ տեսնէի, որ դասարանի մը միջինը գոհացուցիչ չէ, նոյնիսկ եթէ կարգ մը աշակերտներ փայլուն նիշեր ապահոված են, պէտք է վերատեսութեան ենթարկէի իմ մեթոտաբանութիւնս եւ խրախուսէի միւս աշակերտներն ալ` անոնց համար ստեղծելով առիթներ, երբ իրենց յատկութիւնները հայելիի նման պիտի արտացոլացնէին: Այս մէկը, սակայն, այլ աշակերտներուն աչքին անարդար կը թուէր, բայց միշտ զիրենք կը համոզէի, որ պէտք է իրարու օգնել, եւ խմբային աշխատանքի գաղափարը կը սերմանէի:

Ուրեմն, աշակերտին պիտի սիրցնես դասաւանդած առարկադ, այս պարագային` հայոց պատմութիւնը: Այդ պատճառով է, որ աշակերտներուն հոգեբանութիւնը ուսումնասիրելը կարեւոր է: Ասիկա կրնայ ժամանակ խլել, սակայն շատ օգտակար է ապագայի հաշուոյն, եւ աշակերտի մը ընտանեկան ու ընկերային պարագան գիտնալը շատ աւելի կը դիւրացնէ ուսուցիչին գործը: Որովհետեւ, ինչպէս ըսի, մեր նպատակը ապագայի սերունդ պատրաստելն է: Նոյնիսկ Լեւոն Շանթ արծարծած է այն գաղափարը, թէ ինչպէ՛ս պէտք է զարգացնել աշակերտներուն «հոգեկան կարողութիւնները»: Շանթի խօսքերով` «Շուտով տեսայ, որ (մանկավարժութիւնը) առանց հոգեբանութեան եւ հոգեբանութիւնն ալ առանց բնախօսութեան, եւ բնախօսութիւնն ալ առանց բնական գիտութիւններու` վերացական բան մըն էր միայն: (…) Գրուեցայ ուսանող մանկավարժութեան, բայց ամբողջ ժամանակս տրամադրած էի մարդակազմութիւն, կենդանաբանութիւն, բնագիտութիւն եւ տարրագիտութիւն սորվելու, որոնց մէջ հետզհետէ խորանալով, ամբողջ աշխարհահայեացքս կը զգայի, որ նոր ձեւ կ’առնէր»: Եւ հոս է, որ այլեւս ուսուցչութիւնը կը փոխարինուէր մարդակերտումով, որովհետեւ մեր նպատակը միայն սորվեցնել չէ, այլ ապագայի տեսլականով ՄԱՐԴ կազմելն ու պատրաստելն է:

Եւ այսպէս, ո՛ւր ալ որ ճակատագիրը տարաւ Լեւոն Շանթը, ան իր ամբողջ էութեամբ հաւատարիմ մնաց ստեղծագործ այն ներուժին, որ հայ ժողովուրդի բազմադարեան ժառանգութենէն կը բխէր, ինքնազարգացման եւ ինքնակատարելագործման դարու զէնքերով մշակուած յառաջ կը մղէր Հայ Մարդ պատրաստելու եւ կազմելու իր առաքելութիւնը:

Այս գաղափարէն մեկնելով` տարեվերջին աշակերտներուն բաժնեցի արժեւորումի հարցաթղթիկ մը, որովհետեւ վստահ էի անոնց կարողութեան, եւ հոն հարցուցած էի, թէ անոնք որքանո՞վ գոհ էին դասաւանդութեան ձեւէն, որքանո՞վ արդար էր կամ ոչ, եւ թէ` անիկա իրենց ակնկալութեան կը համապատասխանէ՞ր: Անշուշտ հոս չէի չափեր, թէ որքանո՛վ անոնց պատասխանը դրական կամ ժխտական պիտի ըլլար, հիմնական նպատակս այն էր, որ նախ ես ինծի տարեվերջի արժեւորում մը ընէի ու զանոնք պատրաստէի վերլուծելու եւ գնահատելու ամբողջ տարուան մը գործընթացը:

Տարին արդէն իսկ աւարտած էր… վերջին խօսքեր եւ խրատներ…

Քանի մը խօսք եւս: Ճեմարանի իմ կարճ փորձառութիւնս իւրայատուկ էր: Հոն շատ բան սորվեցայ. չեմ կրնար ըսել, թէ շատ բան սորվեցուցի, այդ մէկը ապագան կը դատէ: Մարդ կերտելը կամ կազմելը դիւրին գործ չէ, ո՛ւր մնաց Հայ Մարդ պատրաստելը այս դժուար օրերուն, երբ համաշխարհայնացման փոթորիկները կը հարուածեն մեզ ամէն օր: Մեր ուսուցիչները, կամ աւելի ճիշդ է ըսելը` մարդակերտները, հսկայական գործ կը տանին: Թերեւս աւելի ճիշդ կ՛ըլլար, եթէ «գործ» բառը փոխարինենք «առաքելութեամբ»: Այսօր ա՛լ աւելի յարգը եւ կարօտը կը զգամ այն մարդակերտներուն, որոնք իմ աշակերտութեանս տարիներուն օգնեցին եւ ուղղեցին մեզ, որպէսզի քալենք ճիշդ ճամբան: Այդ մարդակերտները մեզի փոխանցեցին լուսաւորութեան ջահը, որպէսզի մենք կատարենք մեր նուազագոյն առաքելութիւնը մեր ազգի զաւակներուն նկատմամբ, եւ անոնք, իրենց կարգին, փոխանցեն ջահը գալիք սերունդներուն: Գիտակցելով, որ ճամբան փշոտ պիտի ըլլայ, բայց պիտի քալենք միասին: Վստահ եմ` անոնցմէ շատերը պիտի հասնին իրենց անձնական եւ ազգային նպատակներուն: Հայրենիք եւ ազգ կը բարձրանան այն ժամանակ միայն, երբ հայ ազգի զաւակները համախմբուին միասնական նպատակի մը շուրջ:

Կ՛աւարտեմ ընկեր Կարօ Յովհաննէսեանին խօսքերով. «Երեխան յանձնուած է դպրոց, որպէսզի պատրաստուի անոր հոգեկան եւ մտային աշխարհը: Կարելի չէ խաբել երեխան` սուտ ու սխալ տեղեկութիւններ փոխանցելով անոր: Պէտք է պատրաստել անոր միտքը, մինչեւ որ երեխան հասնի բարձրագոյն ուսման: Ուսուցիչը պէտք է մղէ աշակերտը, որ հարցումներ ուղղէ, շատ հարցումներ տայ: Ուսուցիչին պարտաւորութիւնն է պատասխանատուութեան զգացումը արթնցնել աշակերտին մէջ: Անոր մէջ պէտք է տեղաւորել ըմբոստացումի, սրբազան բարկութեան եւ պոռթկումի զգացումը: Ուսուցիչը պէտք է բացատրէ, թէ ըմբոստացման այդ զգացումը հիմքն է մշակոյթին: Եւ ի՞նչ է արդէն մշակոյթը, եթէ ոչ` ձգտումը աւելի բարձրին, նորին, ստեղծագործ աշխատանքին» («Ո՞վ է ուսուցիչը», «Ազդակ», 9 մարտ 2015):

Շնորհաւոր Մարդակերտներու տօնը:

Եղիա Թաշճեան

Նիւթը՝ «Ազդակ»էն

Եղիա Թաշճեան

Եղիա Թաշճեան

Եղիա Թաշճեանը վերլուծաբան եւ հետազօտող է: Աւա...