image

Ուքրանիոյ Ներկայութիւնը Արաբական Լիկայի Վեհաժողովին

Ուքրանիոյ Ներկայութիւնը Արաբական Լիկայի Վեհաժողովին

Դժուար համոզիչ դառնայ այն, որ Ռիատ իր յարաբերութիւնները կը բնականոնացնէ Դամասկոսի հետ եւ Սուրիոյ նախագահը կը հրաւիրէ Արաբական լիկայի վեհաժողովին, առանց ամերիկեան թոյլտուութեան:

Հիմա Ուաշինկթընը կը յայտարարէ, որ Սուրիոյ նկատմամբ պատժամիջոցները չեն վերացած: Դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերահաստատումները եւ Սուրիոյ արաբական լիկա վերադարձը սակայն այլ բան կը յուշեն:

Ուքրանիոյ նախագահին Արաբական վեհաժողովին յայտնուիլը անակնկալ էր: Ժողովի ձեւաչափն ու օրակարգը նկատի ունենալով նոյնիսկ հակաօրինաչափ երեւոյթի համազօր էր անոր ժամանումը Ժետտա եւ մասնակցութիւնը Արաբական լիկայի սպասուած վեհաժողովին: Նախապէս Զելենսքիի մասնակցութեան մասին յայտարարութիւններ չկային: Գրեթէ նոյն օրն էր, որ անոր մասնակցութեան լուրը պաշտօնականացաւ:

Ուքրանիոյ նախագահը  արաբական երկիրներուն կոչ ուղղեց օգնելու ուքրանացի ժողովուրդին` վստահեցնելով, որ իր երկիրը երբեք պիտի չընդունի ռուսական ախորժակները: «Այն ինչ որ մեր երկրին մէջ տեղի կ՛ունենայ, պատերազմ է եւ ոչ թէ պարզապէս տագնապ մը», ըսաւ Զելենսքի` կոչ ուղղելով պաշտպանելու Ուքրանիան, անոր ժողովուրդն ու «մեր երկրի իսլամները»` մատնանշելով, որ Խրիմի թաթարներու ներկայացուցիչը իրեն հետ ներկայ է վեհաժողովին:

Խրիմի խնդիրը նախկին զգայնութիւնը կորսնցուցած է Անգարայի մօտ: Այդ չի նշանակեր, որ հարցը սուր կերպով չի վերադառնար. յայտնապէս ժամանակաւոր է սուր հակազդեցութիւններու բացակայութիւնը` Էրտողան – Փութին համաձայնութիւններու շրջանակներուն մէջ:

Հիմա Խրիմի իսլամ թաթարներու ներկայացուցիչը ուղեկցած էր Ուքրանիոյ նախագահին` արաբական իսլամական միջավայրի մէջ: Խրիմը սակայն ռուսական ազդեցութեան տակ գործող շրջան է եւ արաբական միջավայր այս ձեւով Խրիմի ներկայացուցիչ բերելը Ռուսիա-արաբական աշխարհ հակադրելու մարտավարութիւնը կ՛ենթադրէ:

Զելենսքին, Խրիմի թաթար ներկայացուցիչին ընկերակցութեամբ, Արաբական լիկայի վեհաժողովին չէր կրնար երթալ առանց Ռիատի հրաւէրին: Ռիատ նման հրաւէր կը յղէր յայտնապէս Ուաշինկթընի պատուէրով:

Ուղերձը բազմակողմանի է այս պարագային: Միացեալ Նահանգները ոչ միայն Ռուսիոյ, այլ նաեւ Չինաստանին կը յուշեն, որ հակառակ անոր որ Ռիատ-Թեհրան յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութիւնը Փեքինի մէջ տեղի ունեցաւ, այդուհանդերձ գործընթացները առնուազն ի հեճուկս Միացեալ Նահանգներուն չէ, որ կ՛ընթանան:

Յանկարծակի այս երեւումին դիմաց Սուրիոյ նախագահը իր անհամաձայնութիւնը յայտնեց դիւանագիտական ժեսթերով: Զելենսքիի խօսած պահուն թարգմանութիւնը լսելու գործիքը անջատելով ան պարզ դարձուց, որ չ՛ուզեր լսել Ուքրանիոյ նախագահին խօսքը: Մանաւանդ որ Դամասկոսը  ճանչցած էր Ուքրանիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ անկախութիւն հռչակած եւ ռուսական զօրքերու տեղակայումը ընդունած շրջանները:

Իրադարձութիւնը սակայն աշխարհաքաղաքական շարժառիթներ ունի եւ ամերիկեան ազդեցութեան գօտիներու վերասահմանումներուն հետ առնչուած է: Ինչ որ իր հերթին կը նշանակէ ռուսական գործօնի չէզոքացման քաղաքականութիւն:

Ուաշինկթընի ներկայացուցիչը այս բոլորին առընթեր յայտարարեց, որ իրենք չեն կարծեր, որ Սուրիա ներկայիս արժանի է Արաբական լիկա վերընդունուելու, եւ թէ  այս կէտը ուղղակի  քննարկած են շրջանային եւ արաբական աշխարհին մէջ իրենց գործընկերներուն հետ:

Դժուար համոզիչ դառնայ այն, որ Ռիատ իր յարաբերութիւնները կը բնականոնացնէ Դամասկոսի հետ եւ Սուրիոյ նախագահը կը հրաւիրէ Արաբական լիկայի վեհաժողովին, առանց ամերիկեան թոյլտուութեան:

Հիմա Ուաշինկթընը կը յայտարարէ, որ Սուրիոյ նկատմամբ պատժամիջոցները չեն վերացած: Դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերահաստատումները եւ Սուրիոյ արաբական լիկա վերադարձը սակայն այլ բան կը յուշեն:

«Ա.»