Միացեալ Նահանգները, Պահրէյնը, Յորդանանը, Քուէյթը, Քաթարը, Սէուտական Արաբիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները համատեղ յայտարարութիւն հրապարակած են՝ դատապարտելով Իրանի հարուածները հարեւան երկիրներու դէմ։ Այս մասին կը հաղորդէ CNN-ը։
«Իսլամական Հանրապետութեան գործողութիւնները վտանգաւոր սրացում են, որոնք կը խախտեն բազմաթիւ պետութիւններու ինքնիշխանութիւնը եւ կը սպառնան տարածաշրջանային կայունութեան։ Քաղաքացիներու եւ ռազմական գործողութիւններու չմասնակցող երկիրներու թիրախաւորումը անխոհեմ եւ ապակայունացնող վարքագիծ է», նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Երկիրները նշած են, որ իրենք միակամ են իրենց քաղաքացիներու, ինքնիշխանութեան եւ տարածքի պաշտպանութեան հարցին մէջ եւ կը վերահաստատեն իրենց ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը՝ այս յարձակումներուն դէմ պայքարելու համար։