Ինչո՞ւ այսօր այս անցած- գացած եւ «ժամանակավրէպ» նիւթին կ՚անդրադառնամ:
Վերջերս շատ յաճախ կը յիշեմ Սուրիացի երիտասարդին խօսքը, երբ շուրջս պատերազմներ կը վխտան, ժողովուրդներ կ՚ենթարկուին վայրագութեան, տեղահանութեան, իրաւազրկման, «անղեկ» ու բարբարոս ղեկավարներ կը գերիշխեն, անարդարութիւնը ինքզինք կը պարտադրէ, Կուշտը՝ անկուշտ է, իսկ աղքատը՝ տնանկ ու սովամահ ...: Շատ կը ցաւիմ, կը յուզուիմ, կ՚ընդվզիմ տիրող քաոսին համար, ապա ես ինծի կը սփոփեմ ու կ՚ըսեմ. «Սիլվա՛, այս ալ կ՚անցնի. այս անցողիկ աշխարհին մէջ ոչ մէկ բան տեւական է»:
1990-ին Լիբանանի քաղաքացիական արիւնալի պատերազմէն փրկուելու միտումով մեր տուն- տեղը լքեցինք եւ ընտանեօք ապաստանեցանք Դամասկոսի մէջ: Ամուսինս իր բժշկական պարտաւորեցնող առաքելութեան անսալով, կարճ ժամանակ մը ետք վերադարձաւ Պէյրութ, իսկ ես երեք զաւակներուս հետ վեց երկա՜ր ամիսներ ամբողջացուցի Դամասկոսի մէջ:
Զաւակներս՝ չորս, վեց, ինը տարեկան էին, եւ իրենց հօր բացակայութիւնը շատ ծանր կը տանէին: Հետեւաբար ես իրենց բոլոր պէտքերը ապահովելու կողքին, կ՚ուզէի կարելւոյն չափ զիրենք ուրախ պահել:
Յաճախ կ՚այցելէինք Ասաա (قصاع) շրջանի հանրային խաղավայրը, ուր Երիտասարդ տղաք կը տնօրինէին ընդհանուր կարգապահութիւնը, մուտքի տոմսերուն վաճառքը, ելեկտրական խաղերուն միացումն ու անջատումը: Երիտասարդները շատ քաղաքավար էին, միշտ պատրաստակամ օգնելու եւ հսկելու երեխաներուն կարիքներուն եւ ապահովութեան: Թէեւ քիչ մը զարմանալի կը գտնէի այդ «որակի» երիտասարդներուն ներկայութիւնը երեխաներու խաղավայրին մէջ, բայց կ՚ըսուէր, թէ համալսարանական տղաք են, որոնք փոքր եկամուտի մը համար իրենց ազատ ժամերը կը տրամադրեն խաղավայրին:
Օր մը երիտասարդներէն մէկը ինծի հարց տուաւ. «Տիկի՛ն, հոս հանգի՞ստ ես »։ Բնականաբար պատասխանս դրական պիտի ըլլար, նախ նկատի առնելով իրենց երկրին՝ Սուրիոյ, մէջ «հիւրաբար» գտնուելու հանգամանքս, ապա յիշելով դրացիիս խօսքը. «Մենք «սիյէսէթ» քաղաքկանութիւն չենք խօսիր, հոս պատերը ականջ ունին…», նաեւ պատշաճ չէր օտար երիտասարդին ըսել, որ ես անհանգիստ ու սաստիկ մտահոգ եմ Լիբանանի իրավիճակով, իմ սիրելիներով եւ գրեթէ գիշերներս անքուն կ՚անցնեմ խեղդող անորոշութեան պատճառով: Յետոյ ի՞նչ սպասէի անծանօթէն, երբ իմ հայրենակիցներս ճիշդ չէին գնահատէր Լիբանանի իրավիճակը: Շատեր Լիբանանի քաղաքացիները անխոհեմ, մեղաւոր եւ պատասխանատու կը սեպէին երկրին մէջ տեղի ունեցող պատերազմին համար, ոմանք ալ կը յոխորտային, որ իրենց երկրին՝ Սուրիոյ, մէջ օրէնք եւ կանոն կայ, նախագահնին մէկ հատիկ է, օրէ օր իրենց քաղաքը կը յառաջդիմէ եւ իրենք խիստ ապահով պայմաներու մէջ կ՚ապրին:
Անշուշտ յարգելի էին բացառութիւնները, որոնք ամենայն հարազատութեամբ կը պատկերացնէին Լիբանանցիներուս դիմագրաւած անձուկ պայմանները եւ իրազեկ էին շրջանին մէջ կայացած քաղաքական «խաղերուն»: Քաջ գիտէին, որ համաշխարհային «ուժեղները» ինչպիսի դերակատարութիւն կրնան ունենալ եւ իրենց ցանկացած երկիրներուն մէջ պատերազմներ ստեղծել...: Նոյնպէս ըմբռնած էին անմեղ քաղաքացիներուս անզօրութիւնը՝ խափանելու սատանայական որոշումները եւ կասեցնելու մեր գլխուն թափուող կրակը: Ամենայնդէպս պարապ տեղ չէ ըսուած. «Կրակը ինկած տեղը կ՚այրէ»:
Ես վեց ամսուան ընթացքին բաւական խօսքեր, վերլուծումներ եւ խրատներ լսեցի: Մեղմ պիտի անցնիմ այդ շարանը չմանրամասնելով: Ամէնէն շատ զիս կը ցաւցնէր այս խօսքը. «Լիբանանը «խալաս» այրեցաւ, վերջացաւ, խելք ունեցողը հոն չի մնար»:
Ամենայն քաղաքավարութեամբ պատասխանեցի երիտասարդին հարցումին. «Անշուշտ հանգիստ եմ. առնուազն գիտեմ, որ զաւակներս ապահով են եւ հանգիստ քուն կը քնանան: Հոս պատերազմ չկայ եւ հրթիռներուն պատճառած ահը, սարսափը եւ խուճապը չենք ապրիր»:
Երիտասարդը շատ լուրջ տեսք մը ստացաւ եւ հաստատ ոճով պատասխանեց. «Տիկի՛ն, ոչ մէկ բան տեւական է. այո՛, ոչ մէկ բան տեւական է»: (مدام ما في شي بيدوم…)
Օրերը փաստեցին, որ երիտասարդը իրաւացի էր եւ երկրին խաղաղութիւնը մնայուն չէր: Շատեր անտեղեակ էին, թէ ինչ կը կատարուէր քաղաքական գետնի վրայ, բայց երիտասարդը տեղեակ էր, որ «խաղաղ լեռներուն» տակ եռացող լաւան օր մը կրնայ հրաբուխով մը դուրս ժայթքիլ...:
Դժբախտաբար ականատես դարձանք Սուրիոյ պատերազմին եւ ցաւեցանք տեսնելով մե՛ր հայրենակիցներուն տառապանքը, զոհերը, վնասները, գաղթը... եւ Լիբանանի աննախանձելի ճակատագիրին «արժանացած» սփիւռքեան ոսկեայ գաղութ մը, որ մշտապէս մեծ ներդրում ունեցած է հայապահպանման վեհ առաքելութեան մէջ:
Ինչո՞ւ այսօր այս անցած- գացած եւ «ժամանակավրէպ» նիւթին կ՚անդրադառնամ:
Վերջերս շատ յաճախ կը յիշեմ Սուրիացի երիտասարդին խօսքը, երբ շուրջս պատերազմներ կը վխտան, ժողովուրդներ կ՚ենթարկուին վայրագութեան, տեղահանութեան, իրաւազրկման, «անղեկ» ու բարբարոս ղեկավարներ կը գերիշխեն, անարդարութիւնը ինքզինք կը պարտադրէ, Կուշտը՝ անկուշտ է, իսկ աղքատը՝ տնանկ ու սովամահ ...: Շատ կը ցաւիմ, կը յուզուիմ, կ՚ընդվզիմ տիրող քաոսին համար, ապա ես ինծի կը սփոփեմ ու կ՚ըսեմ. «Սիլվա՛, այս ալ կ՚անցնի. այս անցողիկ աշխարհին մէջ ոչ մէկ բան տեւական է»: