image

ԱՄՆ Ծերակոյտը կրկին մերժած է բանաձեւը, որ թոյլ կու տար սահմանափակել Իրանի դէմ պատերազմ վարելու Թրամփի լիազօրութիւնները

ԱՄՆ Ծերակոյտը կրկին մերժած է բանաձեւը, որ թոյլ կու տար սահմանափակել Իրանի դէմ պատերազմ վարելու Թրամփի լիազօրութիւնները

ԱՄՆ Ծերակոյտը Ապրիլ 15-ին մերժած է այն բանաձեւը, որով կը նախատեսուէր նախագահին թոյլ չտալ պատերազմ վարել՝ առանց Քոնկրեսի հաստատման։ Reuters գործակալութիւնը նշած է, որ փաստաթուղթի օգտին քուէարկած են 47 ծերակուտական, մինչդեռ 52 օրէնսդիր դէմ արտայայտուած են։

 

Ծերակուտականներու ձայները բաժնուած են հիմնական կուսակցական սկզբունքով։ Ռենտ Փոլը միակ հանրապետականն էր, որ աջակցած է բանաձեւին։ Իր կարգին՝ Ճոն Ֆեթըրման միակ դեմոկրատն էր, որ դէմ արտայայտուած է բանաձեւին։

Փետրուար 28-ին Իրանի դէմ ամերիկա-իսրայէլեան ռազմական գործողութիւններու սկսման յաջորդած վեց շաբաթներուն ընթացքին Ծերակոյտի դեմոկրատները արդէն չորրորդ անգամ կը ներկայացնէին այս բանաձեւը։

 

Թէեւ ըստ ԱՄՆ Սահմանադրութեան միայն Քոնկրեսը կրնայ պատերազմ յայտարարել, եւ ոչ թէ նախագահը, այնուամենայնիւ երկու կուսակցութիւններու նախագահներն ալ յայտարարած են, որ այս սահմանափակումը չի կիրառուիր կարճաժամկէտ գործողութիւններու պարագային եւ այն պարագային, երբ երկիրը անմիջական վտանգի տակ կը գտնուի։