Թուրքիոյ իրաւապահները Շանլըուրֆա եւ Քահրամանմարաշ նահանգներուն մէջ դպրոցներու վրայ երկու զինուած յարձակումներէն ետք ձերբակալած է 83 անձ։
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին կը տեղեկացնէ TRT Haber-ը։
Նշուած է, որ յարձակումներէն ետք ձեռնարկուած միջոցառումներու շրջածիրէն ներս սահմանափակուած է 940 ընկերային ցանցերու հաշիւներու մուտքը, իսկ Telegram-ի 93 խումբ փակուած է։
Ապրիլ 14-ին Շանլըուրֆա նահանգի Սիւերեք շրջանին մէջ դպրոցի վրայ զինեալ յարձակում տեղի ունեցած էր, որու հետեւանքով մէկ մարդ զոհուած էր, իսկ 16-ը՝ վիրաւորուած։
Յաջորդ օրը նմանատիպ յարձակում տեղի ունեցած է Քահրամանմարաշի դպրոցներէն մէկուն վրայ, որու հետեւանքով զոհուած է ինը մարդ, իսկ 13-ը՝ վիրաւորուած։