image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ զինուած ուժերն Իրանի հետ կապուած 10 նաւու թոյլ չեն տուած ճեղքել շրջափակումը

ԱՄՆ զինուած ուժերն Իրանի հետ կապուած 10 նաւու թոյլ չեն տուած ճեղքել շրջափակումը

Միացեալ Նահանգներու ռազմածովային ուժերը Ապրիլ 13-ին իրանական նաւահանգիստներու շրջափակումը սկսելէն ի վեր արդէն տասը նաւ ստիպած են վերադառնալ Իրան։ Այս մասին հաղորդած է Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերու Կեդրոնական հրամանատարութիւնը (CENTCOM)։

«Երկուշաբթի օրը (խմբ.՝ Ապրիլ 13-ին) ամերիկեան շրջափակումը սկսելէն ի վեր տասը նաւ ետ դարձուցած ենք, եւ ոչ մէկ նաւ ճեղքած է շրջափակումը»,– նշուած է X-ի վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

Նաեւ նշուած է, որ օրերս իրանական բեռնատար նաւը փորձած է շրջանցել Միացեալ Նահանգներու շրջափակումը։ Հորմուզի նեղուցի Պանտար Ապպաս նաւահանգիստէն դուրս գալէն ետք այն նաւարկած է Իրանի ափի երկայնքով, սակայն Միացեալ Նահանգներու ռազմածովային ուժերու Spruance հրթիռային ուղեկցող ականակիրը յաջողութեամբ վերաուղղորդած է նաւը, որ վերադարձած է Իրան։

«Իրանական նաւահանգիստներ մտնող եւ այնտեղէն դուրս եկող նաւերու նկատմամբ շրջափակում սահմանելէ ետք ամերիկեան ուժերը դադրեցուցած են Իրանի ծովային առեւտուրը։ Ամերիկացի նաւաստիները, ծովային հետեւակայինները եւ օդաչուները կը մնան իրենց դիրքերուն վրայ եւ պատրաստ են գործելու շրջափակումը խախտելու փորձ ընող որեւէ նաւի դէմ»,–  նշուած է CENTCOM-ի մէկ այլ հաղորդագրութեան մէջ։