image
Հրատապ լուրեր:

Նաթանիահուն յայտարարած է, որ Իսրայէլն ու ԱՄՆ-ն Իրանի հարցով միասնական դիրքորոշում ունին

Նաթանիահուն յայտարարած է, որ Իսրայէլն ու ԱՄՆ-ն Իրանի հարցով միասնական դիրքորոշում ունին

Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի նպատակները իրանական ճգնաժամի առնչութեամբ միասնական են։ Այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն։

Այս մասին կը գրէ «Արմէնփրէս»ը։

«Մեր եւ Միացեալ Նահանգներու նպատակները նոյնն են… Մենք կ՚ուզնք, որ Իրանէն դուրս բերուին միջուկային նիւթերը, ուրանի հարստացման հնարաւորութիւնները պէտք է վերացուին։ Եւ, ի հարկէ, մենք կ՚ուզենք, որ հիմնական երթուղիներով նաւագնացութիւնը վերսկսի»,– անոր խօսքը մէջբերած է The Times of Israel-ը։

Նաթանիահուն յայտնած է, որ ամերիկացի դաշնակիցները շարունակաբար կը տեղեկացնեն Իսրայէլը Իրանի հետ իրենց շփումներու մասին։

Իսրայէլի վարչապետը նշած է, որ չի գիտեր, թէ ինչի պիտի յանգեցնեն Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի բանակցութիւնները, ուստի Իսրայէլ պատրաստ է ամէն տեսակ սենարի, ներառեալ՝ ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը։