image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլը Լիբանանի մէջ շտապօգնութեան խումբեր թիրախաւորած է․ կան զոհեր եւ վիրաւորներ

Իսրայէլը Լիբանանի մէջ շտապօգնութեան խումբեր թիրախաւորած է․ կան զոհեր եւ վիրաւորներ

Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ իսրայէլեան ուժերու կողմէ Նապաթիէ շրջանի Մայֆատուն քաղաքին մէջ երեք անգամ թիրախաւորուած են շտապօգնութեան խումբեր, որու հետեւանքով զոհուած են շտապօգնութեան չորս աշխատակիցներ,  եւս վեցը՝ վիրաւորուած են։

Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի Ազգային լրատուական գործակալութիւնը (NNA)։

Առողջապահութեան նախարարութիւնը խստօրէն դատապարտած է «այս նողկալի յանցագործութիւնը, որ կ՚արտացոլէ Իսրայէլի վճռականութիւնը՝ ամէն կերպ խոչընդոտելու շտապօգնութեան աշխատակիցներու փրկարարական աշխատանքը»։

Նախարարութիւնը միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններուն կոչ ըրած է քայլեր ձեռնարկելու՝ վերջ տալու համար տուժածներու փրկուելու իրաւունքի եւ շտապօգնութեան աշխատակիցներու պաշտպանութեան իրաւունքի այս կոպիտ խախտումներուն։

Տեղեկութիւններ կան նաեւ, որ Լիբանանի հարաւային շրջաններուն մէջ իսրայէլեան յարձակումներու հետեւանքով եւս 17 զոհ արձանագրուած է։

«Հըզպալլա»-ն յայտարարած է, որ Իսլամական դիմադրութիւնը բախումներ սկսած է իսրայէլեան ուժերուն հետ, որոնք փորձած են առաջ շարժիլ դէպի Թայպէ քաղաքի ուղղութեամբ։ Շարժումը կրակ բացած է իսրայէլեան ուժերուն վրայ, որու հետեւանքով ոչնչացուած են չորս հրասայլ եւ երկու զրահափոխադրիչ։ Բախումները տակաւին կը շարունակուին։

«Հըզպալլա»-ն նաեւ յայտարարած է, որ Իսլամական դիմադրութիւնը հրթիռային հարուածներ հասցուցած է իսրայէլեան շարք մը բնակավայրերու։