image
Հրատապ լուրեր:

«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան 11 անդամ բերման ենթարկուած է․ Մարիաննա Ղահրամանեան

«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան 11 անդամ բերման ենթարկուած է․ Մարիաննա Ղահրամանեան

«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան 11 անդամ բերման ենթարկուած է։ Մէկ անձի նկատմամբ մեղադրանք առաջադրուած է։ Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է կուսակցութեան խօսնակ Մարիաննա Ղահրամանեանը: Անոր խօսքով՝ բերման ենթարկուածներու շարքին կան նաեւ կանայք:

«Սա փորձ է՝ քրէական գործիքակազմով փորձել վախեցնել մեզ, եւ այդպիսով խոչընդոտել մեր գործունէութեանը: Սա նաեւ փորձ է իշխող ուժի համար, իբրեւ թէ հիմքեր ապահովել, որպէսզի կարողանան փորձել չգրանցել մեր ուժը»,-ըսած է Ղահրամանեանը: 

Խօսնակը տեղեկացուցած է, որ աւելի վաղ ահազանգեր ստացած էին այն մասին, որ իրաւապահ մարմինները խոչընդոտներ ստեղծած են փաստաբաններու համար՝ թոյլ չտալով անոնց մօտենալ եւ կատարել իրենց մասնագիտական պարտականութիւնները: Ըստ Ղահրամանեանի՝ այդ ահազանգերէն ետք փաստաբաններէն մի քանին յաջողած է մուտք գործել: 

Մարիաննա Ղահրամանեանը յայտնած է, որ առաջադրուած մեղադրանքը կապուած է բարեգործական գործունէութեան արգելքի հետ: Սա նոյն մեղադրանքն է, որ աւելի վաղ առաջադրուած էր «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան անդամ Գոհար Ղումաշեանին։ Ըստ Ղահրամանեանի՝ տեղի ունեցողը նոյն գործելաոճի շարունակութիւնն է:

«Ամէն ինչ շատ պարզ է, նպատակները մեզ համար շատ հասկանալի են, բայց կրկնեմ՝ մենք կանգ չենք առնելու, մենք չենք վախենալու այս շինծու քրէական գործերից»,- շեշտած է Մարիաննա Ղահրամանեանը։

 

Ընտրակաշառք տալու եւ ստանալու մեղադրանքներով ձերբակալուած է 14 անձ

Հայաստանի հակափտածութեան կոմիտէի կողմէ քննուող քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս ձերբակալուած է 14 անձ՝ ընտրակաշառք տալու եւ ստանալու մեղադրանքներով:

Այս մասին յայտնած են ՀՀ հակափտածութեան կոմիտէէն՝ մեկնաբանելով «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան անդամի յայտարարութիւնն այն մասին, որ կուսակցութեան համակիրներ եւ անդամներ բերման ենթարկուած են։