Օրերս 87 տարեկան հասակին ԱՄՆ-ի մէջ իր մահկանացուն կնքած է լիբանանահայ գեղարուեստի կարկառուն դէմքերէն մին համարուող՝ Վարուժան Մարտիրեանը։
Մարտիրեան, որ առաւելաբար ճանչցուած է, որպէս փայտի վրայ ստեղծագործող քանդակագործ իր պատուաւոր տեղն ունի ոչ միայն հայկական այլ նաեւ լիբանանեան եւ արաբական շրջանակներուն մէջ։
Ան հեղինակ է հարիւրաւոր քանդակներու ու այդ առումով ալ մասնակցած կամ բացած է տասնեակ ցուցահանդէսներ։
Արմատներով ՝Մուսալեռցի, բնաւորութեամբ կուր եւ իր տեսակէտներուն մէջ անզիջող Վարուժան Մարտիրեան հաճելի խօսակից էր եւ հայրենասէր անձնաւորութիւն։
Յետ պատերազմեան Պէյրութի մէջ ան արուեստի գործիչներ լուսահոգի՝ Պերճ Ֆազլեանի, Զաւէն Խտըշեանի, եւ խումբ մը արուեստագէտներու հետ մասնակիցը կը դառնար «Կարտըն Թաուր» պանդոկին մէջ եղող հանդիպումներուն, ուր օրակարգ կը բերուէին Լիբանանահայութիւնն ու մեծ առումով հայութիւնն ու Հայաստանը յուզող հիմնահարցերը։
Վարուժան կատաղի սիրողն էր հայրենիք՝ Հայաստանին ու անոր համար Հայաստանը էր ու մնաց արժէքներուն արժէքն ու յաւիտենական արժեչափը։
Մարտիրեան նաեւ նուիրեալ հայր էր ու ան իր ազնուազարմ տիկնոջ ՝Սվետային հետ հիմնած ու պահած էր հայեցի շունչով բաբախող ընտանիք։
Իր տխուր կորուստին առթիւ ԱՄՆ բնակող իր դուստրը՝ Մարինէ Մարտիրեան- Աֆէյեան կատարած է սրտառուչ գրառում մը, ուր մասնաւորապէս կը նշէ, թէ Վարուժան միշտ ալ հանդիսացած է սիրոյ եւ նուիրումի իսկական աղբիւր ու այդ սէրը հաղորդած ու տուած է իր հարազատներուն ու բոլոր զինք յարգողներուն։
Վարուժան Մարտիրեանի կորուստը իրողապէս մեծ կորուստ է ոչ միայն Լիբանանի հայութեան, անոր արուեստի եւ մշակոյթի շրջանակներուն յալ ամբողջ հայութեան համար։
Հոգիին խաղաղութիւն եւ հարազատներուն մխիթարութիւն։
Տակաւին կ՚անդրադառնանք։