Այսօր եռաբլուրի զինուորական պանթէոնին մէջ հրաժեշտի վերջին արարողութիւնը կատարուեցաւ օրերս հանգուցեալ մասթըր Կարօ Քէպապճեանին: Այս մասին յայտնեց «Արեւելք»ի Երեւանի թղթակիցը:
Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ թաղման ներկայ էին Արցախի պաշտօնական մարմինները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Արցախի ԱԳ նախարար Դաւիթ Պապայեանին:
Վերջին հրաժեշտի արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Արցախի ազգային քաղաքական, հասարակական գործիչներ եւ հանգուցեալի մտերիմներն ու գաղափարի ընկերները:
Հաւուր պատշաճի աղօթքի աւարտէն ետք հանդիսաւոր խօսքեր արտասանուեցան եւ խօսքերու ընթացքին նշուեցան Մասթըր Կարօ Քէպապճեանի ազգանուէր յատկանիշները եւ կարեւորուեցաւ անոր անցած ճանապարհը, նշելով, որ մասթըր Կարօն Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերէն սկսեալ եղած է ներշնչարան՝ հայ երիտասարդութեան: Ան նոյն ոգիով շարունակած է իր առաքելութիւնը Հայաստանի ու մասնաւորապէս Արցախի մէջ:
Մասթըր Կարոյի համար մեծ նշանակութիւն ունեցած է հերոսական Շուշին եւ ան իր բոլոր կարելի միջոցներով սատարած է Շուշի բերդաքաղաքի զարգացման եւ բարօրութեան համար:
Յայտնենք, որ կրօնական արարողութիւններէն եւ դամբանական խօսքերէն ետք զինուորական յարգանքով մասթըր Կարոյի մարմինը յանձնուեցաւ հողին, իսկ ներկաները միասնաբար կատարեցին «Վէրքերով լի ճան Ֆէտայի» երգը:
Լուսանկարները եւ տեսանիւթը՝ «Արեւելք»ի: