ՀՀ կառավարութեան կողմէ աւելի վաղ ներկայացուած դիմումի հիման վրայ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը կայացուցած է որոշում եւ պահանջած Ատրպէյճանէն մինչեւ սոյն թուականի 6 յունիսը ներառեալ տրամադրել տեղեկութիւն՝ արդեօ՞ք 2 զինծառայողները գերիի կամ այլ կարգավիճակով կը գտնուին Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ, եթէ այո, Դատարանը Ատրպէյճանէն պահանջած է տրամադրել տեղեկութիւն զինծառայողներու պահման պայմաններու եւ բժշկական հետազօտութիւններու մասին:
Այս մասին յայտնած են Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցչի գրասենեակը։
Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի կողմէ երկու հայ զինծառայողներու ապօրինի առեւանգման դէպքով Միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցչի գրասենեակը 28 մայիսին դիմած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ)։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դիմած է միջանկեալ միջոց կիրառելու պահանջով՝ զինծառայողներու կեանքի իրաւունքը ապահովելու նպատակով։
Յիշեցնենք, որ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ մայիս 26-ին՝ ժամը 19:00-էն, մարտական դիրքեր սնունդ մատակարարող ՀՀ Զինուած Ուժերու զինծառայողներ Յարութիւն Եուրիկի Յովակիմեանի եւ Կարէն Աշոտի Ղազարեանի հետ կապն ընդհատուած է: