image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի դէմ պատերազմը մինչեւ այս պահը ԱՄՆ-ի համար արժած է 25 միլիառ տոլար

Իրանի դէմ պատերազմը մինչեւ այս պահը ԱՄՆ-ի համար արժած է 25 միլիառ տոլար

Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու պատերազմը մինչ օրս արժած է 25 միլիառ ամերիկեան տոլար։ Ինչպէս կը հաղորդէ  Reuters-ը, այս մասին Ներկայացուցիչներու տան զինուած ուժերու յանձնաժողովի նիստին ընթացքին օրէնսդիրներուն ըսած է Փենթակոնի բարձրաստիճան ներկայացուցիչ, պիւտճէական ծախսերու վերահսկիչի պաշտօնակատար Ճուլս Հերսթը։

Ան նշած է, որ գումարին մեծ մասը ծախսուած է զինամթերքի վրայ։

Փենթակոնի ներկայացուցիչը չէ մանրամասնած, թէ ի՛նչ կը ներառուի այդ ծախսերու գնահատականին մէջ եւ արդեօք հաշուի առնուած են Մերձաւոր Արեւելքի հակամարտութեան ընթացքին վնասուած հիմնական ենթակառուցուածքներու վերակառուցման եւ նորոգման կանխատեսուած ծախսերը։

 

Reuters-ը կը նշէ, որ 25 միլիառ ամերիկեան տոլարը համարժէք է ՆԱՍԱ-ի մէկ տարուան պիւտճէին։