image

Վերին Լարսի մէջ երկու տասնեակ հայեր արգելափակուած են

Վերին Լարսի մէջ երկու տասնեակ հայեր արգելափակուած  են

Վերին Լարսի չէզոք գօտիին մէջ գտնուող ՀՀ շուրջ երկու տասնեակ քաղաքացիներու մէջ առողջական տարբեր խնդիրներ ունեցողներ կան։ Այս մասին NEWS․am-ի հետ զրոյցի ժամանակ նշած է Մարինէ Բաբայեանը։

«9 մեքենայ, 17 մարդ, որմէ մէկը հաշմանդամ է, մէկը՝ մեծահասակ կին, մէկը շաքարով հիւանդ, մենք գերի ինկած ենք, կը հասկնա՞ք։ Մարդ կայ՝ 10 օր, մարդ կայ՝ մէկ ամիս։ Ես 5 օր է, որ այստեղ եմ։ Մինակ եմ, իմ մեքենայով»,- նշած է տիկին Մարինէն՝ նշելով, որ վրացական կողմի հետ ամբողջ օրը այսօր հարցը պարզաբանած են:

Նշենք, որ քաղաքացիները քանի մը օր առաջ նոյնպէս բարձրաձայնած էին խնդրի մասին, որմէ ետք Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը հերքում տարածած էր՝ նշելով, որ լրատուամիջոցներուն մէջ տեղ գտած այն տեղեկատւութիւնը, թէ ՀՀ որոշ քաղաքացիներ, հատելով Ռուսաստանի Դաշնութեան սահմանը փորձած են մուտք գործել Վրաստանի տարածք, սակայն չեն կրցած եւ արդեն մէկ ամիս է կը գտնուին Վերին Լարսի չէզոք գօտիին մէջ, իրականութեան չի համապատասխաներ, դեսպանութեան դիւանագէտները կապ հաստատած են Վերին Լարսի վրացական անցակէտի ղեկավարութեան հետ, որոնք նշած են, որ չէզոք գօտիին մէջ սպասող որեւէ քաղաքացի այս պահուն չկայ։