image

Տիարպաքիրի Սուր շրջանի մէջ իշխանութիւնները 600 կառոյց քանդած են

Տիարպաքիրի Սուր շրջանի մէջ իշխանութիւնները 600 կառոյց քանդած են

demokrathaber.org-ը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Սուր շրջանը,  քաղաքաշինական նոր նախագիծի որոշումով ամբողջովին քանդուած է 600 շինութիւն:

Հակառակ քաղաքապետարանի կոչերուն, ջուրի, ելեքդրականութեան եւ կազի բացակայութեան պայմաններուն, դեռ  որոշ բնակիչներ կը յամառին մնալ այնտեղ։

Նշենք, որ 2016-ին պետականացուած գոյքի ցուցակներուն մէջ  յայտնուած էր նաեւ Հայոց  Առաքելական  Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին,  բայց աւելի ուշ  այդ որոշումը  բեկանուած  է:  
Թուրք-քրտական բախումներու հետեւանքով խոշոր աւերածութիւններու ենթարկուած Սուրի շրջանի մէջ ռազմական գործողություններէ վնասուած է աւելի քան 40.000 խաղաղ  բնակիչ, որոնց  ջախջախիչ  մասը   քիւրտեր են: