image

Երեւան. Խանջեան փողոցին վրայ ծառը կոտրուելով ինկած է քաղաքացիի մը վրայ

Երեւան. Խանջեան փողոցին վրայ ծառը կոտրուելով ինկած է քաղաքացիի մը վրայ

5 յուլիսին, ժամը 16:42-ին, Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Խանջեան փողոցին վրայ ծառը կոտրուած է եւ ինկած քաղաքացիի մը վրայ:

Դէպքի վայր մեկնած է ներքին գործոց նախարարութեան փրկարար ծառայութեան Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն մէկ մարտական հաշուարկ:

Պարզուած է, որ ծառի ճիւղերը եւ նստարանը ինկած են քաղաքացիին վրայ:

Փրկարարներն օգնութեան հասած են քաղաքացիին, դուրս հանած արգելափակումէ եւ պատգարակով մօտեցուցած շտապ օգնութեան ինքնաշարժին: Տուժողը փոխադրուած է բժշկական կեդրոն:

Փրկարարներուն ուժերով կոտրուած ծառի ճիւղերը մասնատուած են եւ հեռացուած ճանապարհի երթեւեկելի հատուածէն: