Արեգակէն եւս մէկ խոշոր արտանետում կատարուած է. մէկ շաբթուան ընթացքին այս 6-րդն է, որ ինչպէս նախորդները, վտանգ չի ներկայացներ Երկիր մոլորակին համար։
Այս մասին Ռիա յայտնած են Ռուսիոյ գիտութիւններու ակադեմիայի տիեզերական հետազօտութիւններու հիմնարկի Արեգակնային աստղագիտութեան տարրալուծարանէն։
Գիտնականները յաջողած են լուսանկարել աւելի քան 1 միլիոն քիլոմեթր երկարութեամբ հսկայ փլազմային կառուցուածքը։