«Թորոնթոհայ» ամսագիրի դիմատետրեան էջէն կը կարդանք՝
ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանին համար յունիս 2025-ը տօնական ամիս էր, որու ընթացքին տեղի ունեցան «Պապայեան» մանկապարտէզի, «Գոլոլեան» նախակրթարանի եւ «Լափոյեան» երկրորդական վարժարանի ամավերջի հանդէսներն ու վկայականներու բաշխումները, ներկայութեամբ՝ ծնողներուն, ուսուցչակազմին, պաշտօնէութեան, համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ հանրութեան:
Ուրբաթ, 6 յունիսին, երեկոյեան ժամը 5:30-էն սկսեալ եռուզեր էր Թորոնթոյի հայ երիտասարդական կեդրոնի մուտքին: 53 մանուկներ, իրենց ծնողներու ընկերակցութեամբ, ժամանեցին կեդրոն՝ ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծելով:
Ձեռնարկը սկսաւ «Համազգային» թատերասրահին մէջ՝ յիշատակի նկարներու յարակցումով մը, որ կը ներկայացնէր ծիլ կարգէն մինչեւ ծաղիկ կարգի մեր աշակերտներուն գործունէութիւնները: Մինչ հանդիսատեսը սուզուած էր յիշատակներու ծովին մէջ, 53 շրջանաւարտ ծաղիկները շարուեցան բեմին վրայ, վարագոյրներու ետին: Ներկայացումը աւարտեցաւ: Հնչեցին Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգները, ու ապա՝ վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարիգսեան ողջունեց ներկաները եւ պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց հանդէսը: Բացուեցաւ վարագոյրը: Շրջանաւարտները մեզ դիմաւորեցին իրենց անմեղ ժպիտներով: Ապա անոնք հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով երգեցին եւ ասմունքեցին եւ հանդէսի առաջին բաժինը փակեցին հայկական պարով մը, որ մեծ խանդավառութիւն պարգեւեց ներկաներուն:
Եւ հասաւ սպասուած պահը: Տնօրէն Րաֆֆի Սարիգսեանի, փոխտնօրէն Զէլա Գագուսեանի եւ ծաղիկ կարգի ուսուցիչներու ձեռամբ՝ կատարուեցաւ վկայականներու բաշխումը:
Այսպէս, ծաղիկները հրաժեշտ տուին մանկապարտէզի ջերմ կեանքին եւ ուրախ խաղերուն եւ ցոյց տուին իրենց պատրաստակամութիւնը` անցնելու նախակրթարանի Ա. դասարան՝ հայկական պարով մը։
Ս. Աստուածածին Հայց․ առաք․ եկեղեցւոյ (St. Mary Armenian Apostolic Church) հոգեւոր տեսուչ՝ տէր Գարեգին ծվ․ Շխրտմեանի սրտի խօսքով ու պահպանիչով վերջ գտաւ հոգեթով հանդիսութիւնը:
**
Յաջորդող ուրբաթ օր, 13 յունիսին, Գոլոլեան նախակրթարանի ընթացքը աւարտող 51 աշակերտներու «Համազգային» թատերասրահ հանդիսաւոր մուտքով եւ Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ վարժարանի օրհներգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ տեղի ունեցաւ վարժարանի 8-րդ կարգի հանդէս-վկայականներու բաշխումի երեկոն: Ձեռնարկը կը հանդիսավարէր վարժարանիս հայերէն լեզուի եւ գրականութեան վաստակաշատ ուսուցիչ Սիւզի Մելիտոնեան:
Շրջանաւարտները հանդէս եկան ասմունքով: Երախտիքի խօսքեր արտասանեցին հայերէնով՝ Այգ Ասիլեան, անգլերէնով՝ Լարա Թորոսեան եւ ֆրանսերէնով՝ Սեւանա Թութակեան:
Տնօրէնութեան խօսքը փոխանցեց տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան, որ յայտնեց, թէ վարժարանիս համայնքը իր յաջողութիւններու բաժինը կը պարտի աննման, ժրաջան եւ նուիրուած անձնակազմին: Սարգիսեան լուսարձակի տակ առաւ հեռատես եւ նուիրեալ համայնքի ղեկավարներու տեսիլքն ու աշխատանքը, որոնցմով հիմը դրին այս վարժարանին: Ան նաեւ նշեց թէ 51 աշակերտներով՝ այս հունձքը կը ներկայանայ որպէս ամենամեծ 8-րդ դասարանի աւարտական հունձքը վարժարանի 46-ամեայ պատմութեան մէջ:
Ապա, 8-րդ կարգի ուսուցիչներուն, տնօրէնին եւ կրթական խորհուրդի ատենապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ մրցանակ-վկայականներու բաշխումը:
Տէր Գարեգին ծվ․ Շխրտմեան արտասանեց իր սրտի խօսքն ու կատարեց պահպանիչը:
Շրջանաւարտներու հանդիսաւոր ելքով փակուեցաւ հանդիսութիւնը։
**
Եւ վերջապէս, ուրբաթ, 20 յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի վկայականներով արդէն զինուած եւ երկրորդական վարժարանի ընթացքը աւարտած 27 երիտասարդներ, շաբաթ մը ամբողջ հետեւելով երկրորդական կարգերու հայ գրականութեան եւ հայ դատի ուսուցիչ Աշխէն Մալխասեանի ցուցմուքներուն եւ ուսուցողութեան, հանդիսաւոր մուտքով շարուեցան Թորոնթոյի հայ երիտասարդական կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահի բեմին վրայ: Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ վարժարանի օրհներգներէն ետք, տիկին Մալխասեան ողջունեց ներկաները եւ հաստատեց ներկայութիւնը եկեղեցիներու եւ կրօնական հայրերու, Հայ կեդրոնի (Armenian Community Centre of Toronto - Թորոնթոյի Հայ Կեդրոն) յարակից միութիւններու, ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի (ARS Toronto Roubina Chapter) ներկայացուցիչներուն եւ բարերարներուն: Մալխասեան յայտնեց, որ այս 27 երիտասարդները «մեր աչքերուն առջեւ կազմաւորուեցան եւ դաստիարակուեցան իբրեւ տիպար քաղաքացիներ ու հայրենասէր հայեր եւ այսօր հաստատ քայլերով պիտի շարունակեն իրենց երթը դէպի նորանոր բարձունքներ»:
Շրջանաւարտները հանդէս եկան բանաստեղծութիւններով: Հրաժեշտի ուղերձներ արտասանեցին հայերէնով՝ Արամ Ասիլեան, անգլերէնով՝ Բալիկ Ասդուր եւ ֆրանսերէնով՝ Գառնի Գույումճեան:
Բեմ հրաւիրուեցաւ տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան: Ան նշեց, որ այսօրուան ստանալիք վկայականներով շրջանաւարտները կը միանան ծանր պատասխանատուութիւններ կրող այն փաղանգին, որ իր յաճախած միջավայրերուն մէջ կը դառնայ հայ ազգի ու դատի առաքեալը եւ իր յաջողութիւնները միշտ կը ծառայեցնէ ազգի վերելքին՝ շեշտելով, որ այդ հոգիով է, որ թորոնթոհայ համայնքը կրցած է գոյատեւել: Սարգիսեան վերյիշեցուց, որ անցեալ աւարտական հանդէսներուն վարժարանը ստեղծեց աւանդութիւն մը՝ յաջորդական հունձքերը անուանելու հայրենիքի տարածքներու կամ հերոսներու անուններով՝ ամրապնդելու մեր շրջանաւարտներու պահանջատէր ոգին. «Վկայելով ձեր տարիներու ընթացքին ցուցաբերած ազգանպաստ գործերն ու ձեր բուռն հայրենասիրութիւնը, տպաւորուելով ձեր նուիրուածութեամբ եւ կամաւոր ոգիէն եւ քաջ գիտնալով, որ ձեր մէջ կ'ապրի եւ կը շարունակէ ծաղկիլ հայու հզօր հոգին, որուն յառած դուք պիտի սաւառնիք արիաբար դէպի ազգային եւ անձնական կեանքի մարտահրաւէրներու դիմաց՝ ձեր հունձքը կ'անուանենք «Խրիմեան Հայրիկ» հունձք:
12-րդ կարգի ուսուցիչներուն, տնօրէնին եւ կրթական խորհուրդի ատենապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ մրցանակ-վկայականներու բաշխումը:
Ս. Աստուածածին Հայց․ առաք․ եկեղեցւոյ հովիւ՝ տէր Տաթեւ աւ․ քհն․ Միքայէլեանի սրտի խօսքէն եւ օրհնանքէն ետք հնչեց «վերջին զանգ»-ը։ «Խրիմեան Հայրիկ» հունձքի շրջանաւարտները նետեցին իրենց գլխարկները, վերջին անգամ ըլլալով նկարուեցան ուսուցիչներուն հետ ու սրահէն դուրս ելլելով բարձր թռիչքով, հայու հոգիով, հայու առաքելութեամբ ու հայու հպարտութեամբ հրաժեշտ տուին վարժարանին՝ ուղղուելու դէպի լուսաշող ապագայ: ֎
***
Այս թղթակցութիւնը պատրաստուած է ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանին կողմէ:
լուսանկարները՝ Յարութ Յակոբեանի