Ամերիկեան «Forbes» ֆինանսատնտեսական հանդէսը հրապարակած է 2017-ի Թուրքիոյ ամենահարուստ 100 մարդկոց անունները: Ըստ թրքական «Memurlar» լրատուակայքին` ցուցակը կը գլխաւորէ թուրք գործարար, արդիւնահանող, «Yıldız» հոլտինիկի նախագահ Մուրատ Ուլքէրը:
Առաջին հնգեակին մաս կը կազմեն.-
1. Մուրատ Ուլքէր, որու կարողութիւնը կը կազմէ 3 միլիառ 700 միլիոն տոլար:
Կը նշուի որ նախորդ տարուայ համեմատ Թուրքիոյ մէջ 46 գործարարներու կարողութիւնները աճած են 8.2 միլիառ տոլարով եւ ընդհանուր կազմած է 102.9 միլիառ տոլար:
Ցանկին մէջ ներառուած է 24 կին, որոնցմէ 5-ը միլիառատէր է: Իսկ ընդհանուր առմամբ ցանկին մէջ նշուած է 31 միլիառատէր: