image

Թուրքիոյ ամենահարուստ մարդիկը` ըստ «Forbes»-ի

Թուրքիոյ ամենահարուստ մարդիկը` ըստ «Forbes»-ի

Ամերիկեան «Forbes» ֆինանսատնտեսական հանդէսը հրապարակած է 2017-ի Թուրքիոյ ամենահարուստ 100 մարդկոց անունները: Ըստ թրքական «Memurlar» լրատուակայքին` ցուցակը կը գլխաւորէ թուրք գործարար, արդիւնահանող, «Yıldız»  հոլտինիկի  նախագահ Մուրատ Ուլքէրը:

Առաջին հնգեակին մաս կը կազմեն.-

1. Մուրատ Ուլքէր, որու կարողութիւնը կը կազմէ 3 միլիառ 700 միլիոն տոլար:

2. Հիւսնիւ Էօզեէղի, որ կը ղեկավարէ «Fiba»  հոլտինկը: Կարողութիւնը կը կազմէ 3 միլիառ տոլար:
 
3.  Սէմահաթ Արսէլ եւ Շարըք Թարա, որոնց կարողութիւնը կը կազմոէ  2.4-ական միլիառ տոլար:
 
4. Էրման Ըլըճաք, որու կարողութիւնը կը կազմէ 2.3 միլիառ տոլար:
 
5. Ռահմի Քօչ, որու կարողութիւնը կը կազմէ 2.2 միլիառ տոլար:
 

Կը նշուի որ նախորդ տարուայ համեմատ Թուրքիոյ մէջ 46 գործարարներու կարողութիւնները աճած են  8.2 միլիառ տոլարով  եւ ընդհանուր կազմած է 102.9 միլիառ տոլար:

Ցանկին մէջ ներառուած է 24 կին, որոնցմէ 5-ը միլիառատէր է: Իսկ ընդհանուր առմամբ ցանկին մէջ նշուած է 31 միլիառատէր: