Ամերիկացի ձեռնարկիչ Իլոն Մասքը, որ կը գլխաւորէ Tesla եւ SpaceX ընկերութիւնները, առաջին անգամ գլխաւորած է աշխարհի ամենահարուստ մարդոց վարկանիշը, ըստ «Forbes» հանդէսի: 5 Ապրիլին համապատասխան տեղեկատուութիւնը բերուած է հրատարակութեան կայքին մէջ:
Հանդէսին տուեաներով` այս պահին Մասքի կարողութիւնը կը գնահատուի 219 միլիառ տոլար: Վարկանիշի առաջատարներու եռեակ մտած են նաեւ Amazon ընկերութեան հիմնադիր եւ ղեկավար Ճեֆ Պեզոսը, որ մինչեւ 2022 թուականը գլխաւորած է աշխարհի ամենահարուստ մարդոց ցուցակը չորս տարուայ ընթացքին անընդմէջ, եւ Պեռնար Առնօն` LVMH (Louis Vuitton Moet Hennessy) ընկերութիւններու խումբին նախագահը: Անոնց կարողութիւնները հետազօտութեան հեղինակները գնահատած են համապատասխանաբար 171 միլիառ եւ 158 միլիառ տոլար: Առաջատարներու հնգեակը կ՛եզրափակեն Microsoft-ի հիմնադիր Պիլ Կէյթցը (129 միլիառ տոլար) եւ Berkshire Hathaway-ի ղեկավար Ուորըն Պաֆետը (118 միլիարդ դոլար):
«Forbes»-ի վարկածով աշխարհի ամենահարուստ մարդոց 34-րդ ամէնամեայ վարկանիշին համաձայն` միլիառատէրերու միագումար կարողութիւնը մէկ տարուան մէջ կրճատուած է 400 միլիառ տոլարով` մինչեւ 12,7 թրիլիոն տոլար, իսկ անոնց թիւը նուազած է 87-ով` մինչեւ 2668: