image

Աշխարհի ամենահարուստները կրկնապատկած են իրենց ունեցուածքը. «Օքսֆամ»

Աշխարհի ամենահարուստները կրկնապատկած են իրենց ունեցուածքը. «Օքսֆամ»

Աշխարհի տասը ամենահարուստ մարդիկ «Քովիտ»ի համաճարակի ժամանակ, այսինքն՝ 2020-ի Մարտէն մինչեւ 2021-ի նոյեմբեր ընկած ժամանակահատուածին, կրկնապատկած են իրենց կարողութիւնը՝ 700 միլիառ տոլարէն հասցնելով 1,5 թրիլիոն տոլարի։ Այս մասին կ'ըսուի Oxfam բարեգործական կազմակերպութիւններու ընկերակցութեան զեկույցին մէջ։

Բոլոր միլիառատէրերը վերոնշեալ ժամանակահատուածին մէջ աւելցուցած են իրենց կարողութիւնը աւելի շատ, քան համաճարակին նախորդող 14 տարիներուն:

Ըստ Oxfam-ի՝ մոլորակի 55.000 ամենահարուստ մարդիկ 2019-2021 թուականներուն իրենց ունեցուածքը աւելցուցած են 14%-ով: Համեմատութեան համար նշենք, որ համաշխարհային հարստութիւնը այս ժամանակահատուածին աճած է 1%-ով: