image

Թուրքիա. «Սուրիոյ հետ գաղտնի սպասարկութեան մակարդակի երկխօսութիւններ կ՚ունենանք»

Թուրքիա. «Սուրիոյ հետ  գաղտնի  սպասարկութեան մակարդակի երկխօսութիւններ կ՚ունենանք»

Ներկայիս Սուրիոյ հետ քաղաքական մակարդակով շփումներ չկան, սակայն թրքական հետախուզական ստորաբաժանումները կանոնաւոր շփումներ ունին իրենց սուրիացի գործընկերներուն հետ` մեկնելով մեր ազգային շահերէն:

 

Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ Իպրահիմ Քալըն յայտնած է, որ «յանուն ազգային շահերու կան կանոնաւոր շփումներ Թուրքիոյ հետախուզական ծառայութիւններուն եւ անոնց սուրիացի գործընկերներուն միջեւ»:

Քալըն ըսած է. «Ներկայիս Սուրիոյ հետ քաղաքական մակարդակով շփումներ չկան, սակայն, ինչպէս նշեց մեր նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը, թրքական հետախուզական ստորաբաժանումները կանոնաւոր շփումներ ունին իրենց սուրիացի գործընկերներուն հետ` մեկնելով մեր ազգային շահերէն»:

Ան յաւելած է, որ «հեշտ չէ համոզել սուրիացի փախստականները վերադառնալու, որոնք փախած են պատերազմէն եւ ծանր ցաւեր կրած են», նշելով որ Դամասկոսի հետ այս  առումով պայմանագիր պիտի չկնքուի:

Թուրքիոյ խօսնակը նաեւ ընդգծած է, որ Անգարան ջանքեր կը գործադրէ «այնտեղ անվտանգ տարածք եւ այնպիսի միջավայր ստեղծելու համար, ուր այդ մարդիկը կրնան փրկել իրենց կեանքը` Աֆրինի, Իտլիպի, Թալ Ապիատի եւ Ռաս Ուլ Այնի մէջ»:

«Մենք բոլորս գիտենք, որ այդ մարդիկ ի վերջոյ պէտք է վերադառնան, բայց մենք կը փափաքինք այդ անել` առանց մարդկային ողբերգութիւն պատճառելու», յաւելած է ան:

Աւելի վաղ Սուրիոյ խորհրդարանը Յունիսին իր յայտարարութեան մէջ հաստատած էր, որ թրքական վարչակարգի` «անվտանգ գօտի» ստեղծելու ծրագիրը «բռնագրաւման եւ բացայայտ յարձակման յամառութիւն է եւ կու գայ բռնի տեղահանման եւ ժողովրդագրական փոփոխութիւններու շիրին մէջ»:

Այն ժամանակ խորհրդարանը շեշտած է «Սուրիոյ իրաւունքը` օգտագործելու բոլոր միջոցները բռնագրաւիչին ու անոր ահաբեկչական վարձկան գործիքներուն դիմակայելու համար»: