image

Թուրքիա. Ներքին Գործոց նախարարը ծանր մեղադրանքներ հնչեցուցած է ԱՄՆ-ի դէմ

Թուրքիա. Ներքին Գործոց նախարարը ծանր մեղադրանքներ հնչեցուցած է ԱՄՆ-ի դէմ

Թուրքիոյ ՆԳ նախարարը Միացեալ Նահանգները մեղադրած է 2016 թուականի չյաջողած յեղաշրջման ետին կանգնած ըլլալու մէջ:

2016 թուականի 15 յուլիսին աւելի քան 250 մարդ սպանուած է նախագահ Թայէպ Էրտողանը եւ անոր կառավարութիւնը տապալելու փորձ կատարելու ժամանակ: Անգարան արդէն վաղուց յեղաշրջման փորձի կազմակերպման մէջ կը մեղադրէ քարոզիչ Ֆէթուլլա Կիւլէնը, որ Էրտողանի նախկին դաշնակիցն էր եւ հիմա կը բնակի Փենսիլվանիա: Կիւլէնը կը հերքէ իր մասնակցութիւնը:

Երկրի ՆԳ նախարար Սուլէյման Սոյլուն Hurriyet-ին ըսած է, որ Միացեալ Նահանգները ձեռնարկած է յեղաշրջման փորձը, մինչդեռ այն իրականացուցած է Կիւլէնի «ցանցը», աւելցնելով, որ «Եւրոպան ալ հիացած էր անով»: «Միանգամայն ակնյայտ է, որ 15 յուլիսի ետին կանգնած է Միացեալ Նահանգները»,- ըսած է ան:

Նախապէս Ուաշինկթընը հերքած է իր մասնակցութիւնը: Ան բազմիցս մերժած է Կիւլէնը արտայանձնելու Թուրքիոյ պահանջները՝ վկայակոչելով Անգարայի կողմէ հաւաստի ապացոյցներու բացակայութիւնը: