image

Թուրքիա Իրանի հետ սահմանին անվտանգութեան պատ կը կառուցէ

Թուրքիա Իրանի հետ սահմանին անվտանգութեան պատ կը կառուցէ

Թուրքիա սկսած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ սահմանին անվտանգութեան համար նախատեսուող պատի կառուցման աշխատանքները: Շինարարութիւնը տեղի կ'ունենայ Թուրքիոյ սահմանամերձ  Աղրը նահանգին մէջ:

Ըստ թրքական «Dogan» լրատուական գործակալութեան, սահմանային բաժանարար պատի լայնքը կը կազմէ 2 մեթր, իսկ բարձրութիւնը՝ 3 մեթր:  Պատը կը կառուցուի 7 թոն ծանրութեամբ շարժական քարաշարերու միջոցով:

Աշխատանքներուն  հետեւած  է Աղրըի նահանգապետ Սուլէյման Էլպան: Նահանգապետին հետ միասին կառուցման աշխատանքներու վայր մեկնած է  նաեւ նահանգային ոստիկանութեան հրամանատար Ալպայ Կէոքհան:

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ թուրք-իրանեան սահմանին կառուցուելիք պատին մասին անդրադարձած էր նաեւ  «Հուրրիէթ» թերթի սիւնակագիր Ապտուլքատիր Սելուի: Ըստ անոր, այդ քայլը կ'իրականացուի Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական համարուող Քուրտիստանի Բանուորական կուսակցութեան (PKK) եւ անոր ենթակազմաւորումներու անդամ զինեալներու ներթափանցումը կանխելու համար: