Թուրքիոյ մէջ գայթակղային իսլամական մեկնաբանութիւններով յայտնի «Ճուպելի Ահմետ հոճա» անունը կրող հոգեւորականը Սուրիոյ քիւրտերու մասին իր ելոյթին մէջ վիրաւորած է հայերը։
Տգէտ հոգեւորական «Ճուպելի Ահմետ հոճան»–ն իր խօսքին մէջ նշած է, թէ Սուրիոյ քիւրտ զինեալները անաստուած են եւ դժոխք պիտի երթան։ «Անոնք հրեաներուն ծառայող «հայու վիժուածքներ» են»,–ըսած է թուրք հոգեւորականը:
Այս խօսքերը մեծ արձագանգ գտած է Թուրքիոյ մէջ, որուն համար շատերը դատապարտած են հոգեւորականի ոչ վայել խտրական ու ցեղապաշտական խօսքերը։