Պոլսահայ համայնքէն փաստաբան Սիմոն Չէքէմ Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութիւն հաղորդում ներկայացուցած է Պոլսոյ մզկիթներէն մէկուն մէջ քարոզի ժամանակ «հայ վիժուածք» արտայայտութիւնն օգտագործած իմամի վերաբերեալ:
Այս մասին յայտնած է Ermenihaber։
Պոլսահայ փաստաբանը դատախազութենէն պահանջած է, որ իմամը պատժուի ժողովուրդին մէջ ատելութիւն ու թշնամանք հրահրելու, խտրականութեան, նուաստացման, վիրաւորանքի եւ սպառնալիքի համար:
Սիմոն Չէքէմ իր միջնորդութեան մէջ ըսած է. «Կասկածեալի կողմէ հնչեցուած այս խօսքերը հայ ազգութեան մասին, որու անդամն եմ ես, հասարակութիւնը կը դրդեն ատելութեան, խտրականութեան ու թշնամանքի։ Բացայայտ խտրականութիւն եւ ատելութիւն պարունակող բառերը ատելութեան խօսքի վրայ հիմնուած յանցագործութիւն են»: Չէքմէքը նշած է, որ տեղի ունեցածը կը համապատասխանէ Թուրքիոյ քր. օրէնսգրքի 216/2 կէտին եւ կը պատժուի վեց ամիսէն մէկ տարի ժամկէտով:
Նշենք, որ Պոլսոյ Սուլթանկազիի Ճեպեճի մզկիթին մէջ իմամ (իսլամական հոգեւորական) Մուրատ Կիւնտողտուն ուրբաթ օրուան աղօթքի ժամանակ հաւատացեալներուն նախագահական ընտրութիւններու օրը զինուած ըլլալու կոչ ըրած է եւ միեւնոյն ժամանակ օգտագործած է «հայ վիժուածք» արտայայտութիւնը։
Հեռախօսով կատարուած տեսագրութիւններէն պարզ դարձած է որ Կիւնտողտուն ըսած է․ «Եղբա՛յր, պատրաստեցէ՛ք ձեր զէնքերը։ 28 մայիսին պատրաստ պահէք ձեր զէնքերը, իմ երկու զէնքերն էլ մինչեւ վերջ լիցքաւորուած են։ Ան, որ ինքզինքէն վստահ է, թող հրապարակ գայ (մարտահրաւէր նետելու իմաստով)։ Ի՞նչ կը քաշենք մենք ձեր ձեռքէն։ 80 տարի է այս երկիրը ձեր ձեռքէն ի՞նչ կը քաշէ, հայ վիժուածքներու ձեռքէն ի՞նչ կը քաշէ։ Այդքան նահատակներ ունինք»։
Տեսագրութեան հանրայնացումէն յետոյ առաջացած աղմուկի ֆոնին Թուրքիոյ Կրօնական գործերու վարչութիւնը յայտարարած էր, որ հետաքննութիւն սկսած է զէնքերը պատրաստելու վերաբերեալ իմամի կոչի հարցով։ Կիրառուած ատելութեան խօսքի թեմայով դեռ որեւէ պաշտօնական մեկնաբանութիւն չէ եղած: