image

Ատրպէյճանի ծախուած իսրայէլեան քասեթային ռումբերը սպաննած եւ վիրաւորած են հայ անմեղ բնակիչներ

Ատրպէյճանի ծախուած իսրայէլեան քասեթային ռումբերը սպաննած եւ վիրաւորած են հայ  անմեղ  բնակիչներ

Իսրայէլացի լրագրող Եոսի Մելմըն «Հաարեց» (Haaretz) թերթին մէջ քննադատական ծաւալուն յօդուած մը գրած է, Իսրայէլի՝ մահաբեր, արգիլուած քասեթային ռումբեր Ատրպէյճանին ծախած ըլլալուն մասին՝ Արցախի մէջ հայ անմեղ, խաղաղ բնակիչներ սպաննելու եւ վիրաւորելու համար: Թէեւ յօդուածը հրապարակուած է 22 Հոկտեմբեր 2020-ին, սակայն անիկա տակաւին կը պահպանէ իր արդիականութիւնը, հաշուի առնելով այն փաստը, որ այս քասեթային ռումբերը, որոնք Ատրպէյճանի կողմէ օգտագործուեցան անցեալ տարուան Արցախի պատերազմին, կրնան նաեւ օգտագործուիլ հետագայ պատերազմին։  

«Էմնըսթի  ինթըրնէշընըլ» (Amnesty International)  միջազգային իրաւապաշտպան  կազմակերպութիւնը իր կարգին կը հաստատէ, որ Ատրպէյճան 2020 թուականի Արցախի պատերազմին օգտագործած է իսրայէլեան արտադրութեան պատկանող քասեթային ռումբեր։ Այս մահաբեր ռումբերը պայթած են Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մօտ գտնուող բնակելի թաղամասի մէջ։

«Քասեթային ռումբերու օգտագործումը արգիլուած է  բոլոր պարագաներուն, համաձայն միջազգային մարդասիրական  օրէնքի, ուստի, զանոնք  օգտագործելը՝ քաղաքացիական բնակավայրերու վրայ յարձակելու համար, յատկապէս վտանգաւոր է եւ միայն կը յանգեցնէ շատ աւելի մահերու եւ վիրաւորներու», կ՛ըսէ «Էմնըսթի Ինթըրնէշընըլ»ի Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ ղեկավարի պաշտօնակատար Տենիզ Քրիվոշեեւ: «Քասեթային ռումբերը  իրենց էութեամբ  ոչ խտրական զէնքեր են եւ անոնց կիրարկումը բնակելի թաղամասերու վրայ, բացարձակապէս անընդունելի ու սարսափելի է»:

Մելմըն կը բացատրէ, որ «քասեթային ռումբը տեսակ  մը տուփ  է, ուր կը պահուի փոքրիկ ռումբերու խումբ մը: Մայր ռումբը կը պայթի որոշակի բարձրութեան մը վրայ, ապա լայն տարածութեան մը վրայ կը ցրէ աւելի փոքր ռումբերը, որոնք կարճ ժամանակ անց կը պայթին։ Զինամթերքը կրնայ արձակուիլ տարբեր չափերու հրանօթներէ՝ մինչեւ 155 մ.մ. տրամագիծով, արձակման կայաններէ, ուղղաթիռներէ եւ ինքնաթիռներէ»։ Մանուկներ յաճախ գետնէն կը վերցնեն չպայթած քասեթային ռումբեր`զանոնք խաղալիքներու հետ շփոթելով. հետեւանքը այն կ՛ըլլայ, որ անոնք կը զոհուին կամ կը վիրաւորուին: 

Մելմըն կը գրէ, որ հարցուցած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան, Իսրայէլի պաշտպանութեան ուժերուն եւ արտաքին գործերու նախարարութեան, թէ «արդեօք Իսրայէլ քասեթային ռումբեր մատակարարա՞ծ է Ատրպէյճանի, եւ եթէ այո՛, ապա՝ ե՞րբ»: Զարմանալի չէ, որ ան ոչ մէկ պատասխան ստացած է։  

Ան նաեւ կը նշէ, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, «հաւատարիմ մնալով իր կռուազան սովորութիւններուն, չ՛ուզեր բացատրութիւն տալ եւ կը մերժէ պատասխանել այն հարցումներուն, զորս չի հաւնիր։ Կը կարծուի, որ Իսրայէլ պահելիք բան մը ունի, յատկապէս, երբ խօսքը կը վերաբերի Ատրպէյճանի հետ չափազանց սերտ յարաբերութիւններուն»: 

Շարունակելով, Մելմըն շատ տեղին հարցադրում մը կ՛ընէ. «Ինչո՞ւ  Իսրայէլ Ատրպէյճանը կը  զինէ ընդդէմ Հայաստանի»։ Կրնանք հաստատել, որ համաշխարհային մեծ բողոք կ՛առաջանար, եթէ Հայաստան հրթիռներ մատակարարէր Համասի կամ Հըզպալլայի, որպէսզի այս վերջինները Իսրայէլի քաղաքացիներու  վրայ  յարձակէին: Նոյնն է պարագան՝ Իսրայէլի կողմէ Ատրպէյճանը զինելու հարցին, սակայն ո՞ւր է Իսրայէլի միջազգային դատապարտումը։

Իսրայէլ քանի մը անգամ օգտագործած է քասեթային ռումբեր՝ 1973ի պատերազմին,  արաբական քանի մը պետութիւններու դէմ, 1978ին, 1982ին եւ 2006ին՝ Լիբանանի դէմ պատերազմներուն եւ 2008-2009ին՝ Կազայի պատերազմին: Մելմըն կ՛աւելցնէ, որ «ասիկա յանգեցուց ՄԱԿ-ի այդ օրերու գլխաւոր քարտուղար Քոֆի Անանի դատապարտման, եւ լարուածութիւն յառաջացուց Միացեալ Նահանգներու մէջ, քանի որ ռմբակոծումը ակնյայտօրէն կը խախտէր քասեթային ռումբերու օգտագործման սահմանափակումները, որովհետեւ զէնքը մատակարարուած էր 1976ին»:

Վինոկրատի կոմիտէն, որ 2006ին կազմուած է Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ, Լիբանանի մէջ Իսրայէլի ռազմական գործողութիւններու նպատակայարմարութիւնը վերանայելու համար, ըստ Մելմընի, «կոշտ քննադատութեան ենթարկած է քասեթային ռումբերու կիրարկումը քաղաքացիական բնակավայրերու մէջ»: Քասեթային ռումբերու օգտագործումը անօրինական է։ Անօրինական է նաեւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ զանոնք Իսրայէլին վաճառելը, որ, իր կարգին, զանոնք ապօրինաբար ծախած է Ատրպէյճանին:

Ցաւօք, ո՛չ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ո՛չ ալ ամերիկահայ համայնքը բողոքեց ամերիկեան կառավարութեան՝ Իսրայէլի կողմէ ամերիկեան քասեթային ռումբեր ապօրինաբար Ատրպէյճանին փոխանցելու մասին։

Մելմըն կը յայտնէ, որ «Դեկտեմբեր 2008ին, Օսլոյի մէջ ստորագրուած է քասեթային զինամթերքի մասին համաձայնագիր, որ կ՛արգիլէ քասեթային ռումբերու օգտագործումը, մշակումը, արտադրութիւնը, պահեստաւորումը եւ վաճառքը, իսկ սարքը կը սահմանէ իբրեւ «սովորական զինամթերք, որ նախատեսուած է բեռնարկղէն պայթուցիկ ենթառումբերը ցրելու կամ զանոնք պայթեցնելու համար»: Աւելի քան 100 երկիր ստորագրած է այս համաձայնագիրը, որ ուժի մէջ մտած է 2010ին»։

Իսրայէլ, սակայն, մերժած է միանալ այս համաձայնագիրին, որ կ՛արգիլէ քասեթային ռումբերը: Ծիծաղելին այն է, որ Իսրայէլ շտապեց դատապարտելու Սուրիան՝ իր երկրին ներսը քասեթային ռումբեր օգտագործելուն համար: Անհասկնալի է, թէ ինչո՞ւ Հայաստան մերժած է միանալ համաձայնագիրին, որ իրեն աւելի ամուր հիմքեր պիտի տար՝ դատապարտելու քասեթային ռումբերու անօրինական օգտագործումը Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ, որոնցմէ ոչ ոք միացած է նշեալ համաձայնագիրին: Աւելի՛ն: Ատրպէյճանի կողքին, Իսրայէլ քասեթային ռումբեր ծախած է նաեւ Թուրքիոյ, Եթովպիոյ, Գերմանիոյ, Հնդկաստանի, Ռումանիոյ, Շուէտի, Մեծն Բրիտանիոյ, Աւստրիոյ, Դանիոյ, Նորվեկիոյ, Չիլիի, Գոլումպիոյ եւ Վենեզուելայի։

Մելմընի խօսքերով՝ Ատրպէյճան եղած է իսրայէլեան քասեթային ռումբերու մեծագոյն շուկան՝ զանազան հրանօթներու եւ հրթիռային կայաններու հետ միատեղ։ «Իսրայէլ վաճառած է երկակի նշանակութեան զինամթերքի բաղադրիչներ, որոնք կրնան օգտագործուիլ նաեւ քասեթային ռումբերու մէջ այնպէս, որ Իսրայէլի թոյլ կու տայ շրջանցել համաձայնագիրը»:

Ըստ Մելմընի, տարի մը առաջ իսրայէլացի «գործիչ Էլի Ճոզեֆ, որ Իսրայէլի կողմէ բռնապետական վարչակարգերուն զէնքի վաճառքը արգիլելու պայքարին կը մասնակցի», ապարդիւն միջնորդութիւն ներկայացուցած է Իսրայէլի Արդարադատութեան բարձրագոյն դատարան՝ «պահանջելով բացայայտել Պաքուի եւ Երուսաղէմի ռազմական կապերը»: Առաւել, Ճոզեֆն ու «Հրէական սիրտ» կազմակերպութեան իր գործընկերները դէպի Ատրպէյճան զէնքի արտահանման դէմ ցոյց կազմակերպած են Քնեսեթի առջեւ՝ «Ո՛չ պատերազմական յանցագործութիւններուն, ո՛չ անմեղներու սպանութեան» կարգախօսի տակ»:  Ոգեւորիչ  է տեսնել արդարամիտ իսրայէլացիներ, որոնք կը դատապարտեն իրենց կառավարութեան անբարոյական գործողութիւնները:

Յստակ է, որ մահաբեր զինամթերք ծախելով Ատրպէյճանի արիւնարբու վարչակարգին, Իսրայէլ խարխլած է իր բարոյական հիմքերը եւ մեղսակից դարձած՝ Ատրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւններուն։

 

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Յարութ Սասունեան

Յարութ Սասունեան

California Courier շաբաթաթերթի հրատարակիչն եմ...