ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններուն Տանըլտ Թրամփի յաղթանակով աւարտեցաւ Հունգարիոյ մեկուսացումը, յայտարարած է Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանը TV2-ին տուած հարցազրոյցին։
«Թրամփի յաղթանակով աւարտեցաւ Հունգարիոյ մեկուսացումը, մենք առանձին չենք, ամբողջ Ամերիկան մեզի հետ է»,-ըսած է Օրպանը։
Անոր խօսքով՝ Թրամփի յաղթանակէն ետք «եօթ մղոնանոց քայլ կատարուած է դէպի խաղաղութիւն» Ուքրանիոյ մէջ։
Օրպանը նաեւ նշած է, որ ԱՄՆ նոր վարչակազմի օրօք կը նախատեսուի վերադարձնել Հունգարիոյ հետ կրկնակի հարկման արգելքը, ինչպէս նաեւ «վեց ամսուան ընթացքին Եւրոպան պէտք է որոշումներ կայացնէ ուժանիւթատարերու գիներու իջեցման համար»։