Ուաշինկթընէն յայտնած են, որ Սէյնթ Փիթըրսպըրկի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիվըն Ուիթքոֆի հանդիպումը կը դիտարկեն որպէս եւս մէկ քայլ հրադադարի եւ Ոքրանիոյ հակամարտութեան վերջնական կարգաւորման ուղղութեամբ:
Միեւնոյն ժամանակ, Սպիտակ տան խօսնակը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը հիասթափուած է Մոսկուայի եւ Քիեւի գործողութիւններէն:
Տանըլտ Թրամփ Truth Social-ի էջին կոչ ըրած է Ռուսիոյ գործելու, քանի որ չափէն շատ մարդիկ կը զոհուին: Ան սարսափելի եւ անիմաստ որակած է Ուքրանիոյ մէջ շարունակուող պատերազմը: