image

Թրամփ արգիլած է CNN-ի, MS NOW-ի եւ Politico-ի լրագրողներու մուտքը Սպիտակ տուն

Թրամփ արգիլած է CNN-ի, MS NOW-ի եւ Politico-ի լրագրողներու մուտքը Սպիտակ տուն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ CNN-ը, MS NOW-ը եւ Politico-ն այլեւս մուտք պիտի չունենան Սպիտակ տուն՝ մեղադրելով զանոնք կեղծ լուրեր եւ սուտ տեղեկութիւններ հրապարակելու մէջ։ Թրամփ նաեւ սպառնացած է ընդլայնել այն լրատուամիջոցներու ցանկը, որոնց նկատմամբ նման սահմանափակումներ պիտի կիրառուին։

Թրամփ յայտարարած է, որ MS NOW-ը փոխած է իր նախկին՝ MSNBC անունը՝ փոքր լսարանի եւ վստահութեան ցած մակարդակի պատճառով։ Ան նաեւ պնդած է, որ Politico-ն Ճօ Պայտընի նախագահութեան շրջանին կառավարութենէն ապօրինի կերպով ստացած է 8 միլիոն տոլարի բաժանորդային վճարներ։

CNN-ը ի պատասխան յայտարարած է, որ լիովին կ՚աջակցի իր աշխատակազմին եւ պիտի շարունակէ իր աշխատանքը։ Հեռուստակայանը ընդգծած է, որ ԱՄՆ-ի Սահմանադրութիւնը կը պաշտպանէ լրագրողներուն՝ առանց իշխանութիւններու միջամտութեան կառավարութեան գործունէութիւնը լուսաբանելու իրաւունքը, իսկ հնարաւոր արգելքը անուանած է «այդ իրաւունքին դէմ ապօրինի ոտնձգութիւն»։