Մոսկուան եւ մերձմոսկովեան շրջանը գիշերը անօդաչուներու զանգուածային յարձակման ենթարկուած են։ Մոսկուայի քաղաքապետ Սերկէյ Սոպեանինի պնդմամբ՝ այդ ուղղութեամբ աւելի քան 600 անօդաչու թռչող սարք արձակուած է։
Սոպեանինի հաղորդմամբ՝ անոնցմէ 180-ը խոցուած է անմիջապէս Մոսկուայի շրջանին մէջ։ Ան չէ յայտնած, թէ արդեօք յարձակման հետեւանքով զոհեր, վիրաւորներ կամ աւերածութիւններ կան՝ նշելով, որ անօդաչուներու բեկորներ ինկած վայրերուն մէջ արտակարգ ծառայութիւնները կ՚աշխատին։
Ժամանակաւորապէս դադրեցուած է նաեւ Մոսկուայի բոլոր օդակայաններուն աշխատանքը։
Սոպեանին այս դէպքը անուանած է վերջին երկու տարուան ընթացքին Մոսկուայի վրայ յարձակելու ամենախոշոր փորձը։