Կիրակի օրը Երկրի վրայ արձանագրուած է մարդկութեան պատմութեան ամենատաք օրը, գրած է Euronews։
«Ասիկա եւս ջերմային մրցանիշ մըն է, որ սահմանուած է վերջին քանի մը տարուան ընթացքին»,- յայտնած է Copernicus կլիմայի եւրոպական ծառայութիւնը:
Ըստ Copernicus-ի նախնական տուեալներուն, կիրակի օր համաշխարհային միջին ջերմաստիճանը կազմած է 17,09°C՝ գերազանցելով անցեալ տարուան 6 յուլիսին արձանագրուած մրցանիշը 0,01°C-ով։ Ե՛ւ կիրակի օրուայ, ե՛ւ անցեալ տարուան մրցանիշները գերազանցած են նախորդ՝ 16,8 C մրցանիշը, որ սահմանուած էր 2016 թուականին: