image

Այա Սոֆիա տաճարին կից 1500 տարուայ ջրամբարը վերածուած է «Սփա կեդրոն»ի

Այա Սոֆիա տաճարին կից 1500 տարուայ ջրամբարը վերածուած է «Սփա կեդրոն»ի

Այա Սոֆիա տաճարին կից շուրջ 1500 տարուայ պատմական ջրամբարը հնգաստղանի պանդոկի մը կողմէ վերածուած է «Սփա կեդրոն»ի։ 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

«Ճումհուրիէթ» թերթը հրապարակեց զգայացունց լուր մը, ընթերցողներու ուշադրութիւնը սեւեռելով Այա Սոֆիա տաճարին կից դարաւոր ջրամբարի նորօրեայ ճակատագրին վրայ։ Շուրջ 1500 տարուայ պատմական ջրամբարը հնգաստղանի պանդոկի մը կողմէ վերածուած է «Սփա կեդրոն»ի։ Ուշագրաւ է որ պանդոկի պատասխանատուները առանց արտօնութիւն ստանալու, յաջողած են մեծ եկամուտ ապահովելու՝ իրենց յաճախորդներուն «լաւագոյն ծառայութիւնները առաջարկելով պատմական ջրամբարի խորհրդաւոր մթնոլորտին մէջ»։ Պատմական ջրամբարի «պոչ»ին որպէս ապօրէն շինութիւններ աւելցած են ջրաւազան եւ մերսումի սրահներ, ուրկէ կարելի է օգտուիլ, 200 եւրօ վճարելով 1 անձի համար։

Ըստ թերթին, զբօսաշրջային «պիզնըս»ը երբեմն դաշոյնի պէս կը մխրճուի Իսթանպուլի հազարամեայ պատմութեան սրտին մէջ։ Ահաւասիկ այս անգամ ալ, հնգաստղանի պանդոկի ապրանքանիշի ներքեւ (թէեւ անունը չէ գրուած, բայց համացանցէն կարելի է ճշդել որ խօսքը «Հիլթըն» պանդոկներու ցանցի մասին է), «այլանդակուեցաւ» ջրամբարը, որ փոխանակ զբօսաշրջութեան համար բացուելու, դարձաւ «սփա կեդրոն»։ Հիմա այդ «կեդրոն»ը ջրամբարի ներքին հատուածին մէջ «զետեղած է» լողաւազան մը, իսկ ստորին յարկի վրայ՝ մերսումի սրահներ։ «Պիզնըս»ը յաճախորդներուն կ'առաջարկէ 40 վայրկեաննոց մերսում եւ 40 վայրկեան՝ լողաւազանի ծառայութիւն։ 

Ահազանգերը ստիպեցին որ Զբօսաշրջութեան Նախարարութիւնը հետաքննութիւն բանայ։ Ստուգումները պարզեցին որ ջրամբարը կը պատկանի մասնաւոր վագըֆի մը՝ որպէս պետական ու մասնաւոր սեփականութիւն։ Ֆաթիհի քաղաքապետութիւնը արդէն իսկ բազմաթիւ խախտումներ յայտնաբերած է։ Պատմական ջրամբարը ունեցած է մօտաւորապէս 60 սեփականատէր, բացի ատկէ «ծառայած է» առանց արտօնութեան։ Աւելի՛ն, այս կեդրոնի պատասխանատուները 27 Նոյեմբեր 2024ին նոյնիսկ դիմում կատարած են պատկան մարմիններուն եւ պահանջած որ հարկեր չվճարեն։ Բարեբախտաբար՝ գոնէ դիմումը մերժուած է։