Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Սուրիոյ նորանշանակ դեսպան Մոհամմատ Ալի Իպրահիմ իր հաւատարմագրերը յանձնած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանին:Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է ՀՀ ԱԳ նախարարութեան կայքը,որ նաեւ հաւատարմագրերու յանձնումի արարողութեան լուսանկարը տեղադրած է նախարարութեան թվիթըրեան էջին վրայ:
Յիշեցնենք, որ «Արեւելք» դեսպան Իպրահիմի նշանակման լուրըփոխանցած էր անցնող յուլիսին յղում ընելով Սուրիոյ «Սանա» լրատուական գործակալութեան:
Դեսպան Իպրահիմ փոխարինեց ՀՀ-ի մօտ Սուրիոյ նախկին դեսպան՝ Մոհամմատ Իսամ Ալ Նայյալը: