image

ԱՄՆ Հարուածեց Իրանի «միջուկային կէտեր»ը. Թրամփ «ողբերգութեան» մասին խօսեցաւ

ԱՄՆ Հարուածեց Իրանի «միջուկային կէտեր»ը. Թրամփ «ողբերգութեան» մասին  խօսեցաւ

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտարարած է, որ երկրի ռազմաօդային ուժերը հարուածած են Իրանի երեք միջուկային կառոյցերն: Անոր խօսքով՝ ռմբակոծութեան մասնակցած օդանաւերէն մէկը «ռումբերով լեցուն բեռ»  նետած է Ֆորտոյի ուրանի հարստացման գործարանի վրայ: Հարուածի ենթարկուած են նաեւ Նաթանզի եւ Սպահանի կառոյցները: Այսպիսով, ԱՄՆ-ն միացած է Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ ռազմական գործողութեան:

«Բոլոր ինքնաթիռները անվտանգ կը վերադառնան տուն։ Կը շնորհաւորենք մեր մեծ ամերիկացի զինուորները։ Աշխարհի մէջ չկայ որեւէ այլ զինուած ուժեր, որ կրնայ նման գործողութիւն ընել», - գրած է ան Truth Social-ի էջին։ Թրամփ աւելցուցած է, որ «հիմա խաղաղութեան ժամանակն է»։

«Սա պատմական պահ է ԱՄՆ-ի, Իսրայէլի եւ աշխարհի համար. Իրանը հիմա պէտք է համաձայնի աւարտել այս պատերազմը», - գրած է Թրամփ:

Ան աւելցուցած է, որ «ԱՄՆ-ն պատրաստ է կրկին հարուած հասցնելու, եթէ Իրանի հարցը չլուծուի»։

«Կա՛մ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ, կա՛մ Իրանը պիտի բախի շատ աւելի լուրջ ողբերգութեան», - նշած է ԱՄՆ նախագահը:

Անոր խօսքով՝ ԱՄՆ-ի դէմ Իրանի որեւէ պատասխան պիտի հանդիպի աւելի մեծ ուժի, քան այն ինչ տեղի ունեցաւ այսօր: