Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլերը ընդունած է Ատրպէյճանի արտաքին հետախուզութեան ղեկավար Օրհան Սուլթանովը։
Այս մասին ըսուած է Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ ընկերային ցանցի մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։
Հանդիպման քննարկուած թեմաներու վերաբերեալ մանրամասնութիւններ չեն հրապարակուած: