image
Հրատապ լուրեր:

Խամենէիի վերացnւմն Իսրայէլի գործողութեան նպատակներէն մէկն է. Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար

Խամենէիի վերացnւմն Իսրայէլի գործողութեան նպատակներէն մէկն է. Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարութիւն ըրած է լրատուամիջոցներուն համար՝ Հոլոն քաղաքին մէջ՝ ուղղակի հրթիռակոծութեան վայրին մէջ, սպառնալով սպաննել Իրանի Գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէին։ Այս մասին հաղորդած է ynetnews.com կայքը։

Նախարար Քացի խօսքով՝ «Խամենէիի՝ մեր ժամանակներու Հիթլերի վերացումը Իսրայէլի ռազմական գործողութիւններուն նպատակներէն մէկն է»։

«Խամենէիի նման բռնապետը, որ կը գլխաւորէ Իրանն ու իր դրօշին վրայ փորագրած է Իսրայէլի ոչնչացումը, չի կրնար շարունակել իր գոյութիւնը», – ըսած է Քացը։

Ան աւելցուցած է, թէ Խամենէին «մեծ գաղափարախօսական ազդեցութիւն ունի եւ իր բոլոր միջոցները կը յատկացնէ այդ նպատակի իրագործման»։

«Այսօր ալ կը տեսնենք փաստեր, թէ ան հրաման կու տայ հրթիռակոծելու հիւանդանոցներ։ Մենք կը հասկնանք, որ ան պէտք չէ մնայ օրակարգի վրայ», – եզրափակած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը։